28 February, 2018

«ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱՌՈՅՑԸ ՄԵՆՔ ՋԵՐՄՕՐԷՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԵՆՔ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական միջազգային համագումարին իր տուած դասախօսութեան սկիզբը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց արաբական աշխարհի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու միջեւ գործակցութեան կառոյց մը ստեղծելու որոշումը՝ շեշտելով, որ նման նախաձեռնութիւն հրամայական անհրաժեշտութիւն է ոչ միայն արաբական աշխարհէն, այլ աշխարհի բոլոր շրջաններէն ներս։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը եօթը կէտերու մէջ պարզեց այն հիմնական սկզբունքները, որոնք ուղեցոյց պէտք է դառնան քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան։

 

Արդարեւ, միաստուածեան երկու կրօններու միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց սկզբունքներն ու արժէքները որպէս գործակցութեան հիմք ունենալով, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց քաղաքական ու կրօնա-գաղափարախօսական կառոյցներէն եւ ուղղութիւններէն հեռու մնալու, փոխադարձ վստահութիւնը ամրացնելու, փոխադարձ ճանաչումը ու յարգանքը ամրապնդելու, որպէս համահաւասար քաղաքացիներ նոյն իրաւունքներն ու պատասխանատուութիւնները ունենալու, բոլոր տեսակի բռնութիւնները դատապարտելու, արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան համար աշխատելու եւ մարդկային իրաւունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը։ Յիշեալ կէտերուն մասին Նորին Սրբութիւնը լայն բացատրութիւններ տուաւ։

 

Յայտնենք, որ վերոնշեալ կառոյցը յառաջացնելու նախապատրաստական աշխատանքները կատարուած էին անցնող երկու տարիներու ընթացքին։ Այսպէս, համագումարին կազմակերպիչ կեդրոնին նախագահը՝ Դոկտ. Ֆէյսալ Պին Մուաամմար այցելութիւն տուած էր Նորին Սրբութեան եւ երկու առիթներով հանդիպած էր Վեհափառ Հայրապետին Ժընեւի ու Անթէնքի մէջ։

 

Նշենք, որ համագումարը կազմակերպուած էր Վիեննայի մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլահ Բ. Թագաւորին անունը կրող միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնին կողմէ, որուն ներկայ էին քրիստոնեայ, իսլամ, հրեայ եւ այլ կրօններու պատկանող հոգեւոր պետեր ու միջ-կրօնական հարցերու փորձագէտներ եւ համալսարանական դասախօսներ, շուրջ 300 հոգի։ Լիբանանէն ներկայ էին Րաաի Պատրիարքը եւ Հանրապետութեան Միւֆթին` Ապտուլ Լաթիֆ Տէրեան։ Իսկ ուղղափառ եկեղեցիներէն ներկայ էին Տիեզերական Պատրիարքը ու Աղեքսանդրիոյ Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Վատիկանի եւ Գանթըրպըրիի ներկայացուցիչները։ Իսլամական աշխարհէն ներկայ էին շարք մը պետական ու կրօնական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց կարգին խօսք առին եւ ողջունեցին նոյն ծրագրին ստեղծումը։

 

Վերոնշեալ անձնաւորութիւններուն հետ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ։ Համագումարի աշխատանքներուն առընթեր Նորին Սրբութիւնը նաեւ շարք մը հարցազրոյցներ ունեցաւ միջ-կրօնական գործակցութեան կարեւորութեան մասին, յատկապէս Աւստրիոյ կարեւորագոյն հեռատեսիլին՝ Պի.Պի.Սի-ին (BBC) ու Սէուտական Արաբիոյ հեռատեսիլի կայաններուն հետ։

 

Եռօրեայ համագումարի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց հայաստանեան ու լիբանանեան դեսպանատուները եւ ապա մեկնեցաւ Ժընեւ։

More News