31 January, 2018

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

31 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Տիար Երուանդ Փամպուքեանի ատենապետութեամբ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի հանդիպումը։ Հանդիպումին ներկայ էր, յատկապէս այս առաքելութեամբ Հայաստանէն Անթիլիաս ժամանած, Հայաստանի Հանրապետութեան Աճառեան Լեզուի Հիմնարկի տնօրէն՝ Փրոֆ. Վիքթոր Կատուալեան։

Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց շուրջ երեք տարիներ առաջ յանձնաժողովին կազմութիւնը եւ անոր կատարած աշխատանքը։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է. հետեւաբար, անոր պաշտպանութիւնը, գործածութեան տարածումը ու բիւրեղացումը առաջնահերթ ու համահայկական մտահոգութիւն մըն է։ Ուստի, հաւաքական ճիգով պէտք է աշխատանքը շարունակել։ Ան նաեւ յայտնեց, որ միացեալ ուղղագրութեան հաստատումը դարձեալ առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Բնականաբար, դիւրին ու արագ կերպով լուծուելիք խնդիր մը չէ միացեալ ուղղագրութեան մը ստեղծումը, սակայն իրապաշտ մօտեցումով անհրաժեշտ է Հայաստան ու Սփիւռք միասնաբար լծուին այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին։ Հայրապետը նաեւ ողջունեց յիշեալ հիմնահարցերուն գծով Հայաստանի պետութեան ու մտաւորականութեան իրապաշտ ու դրական մօտեցումը։

Փրոֆ. Կատուալեան ներկայացուց Հայաստանի Լեզուի Հիմնարկին եւ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ կատարուած քննարկումներն ու աշխատանքները վերջին տարիներուն յիշեալ հարցերուն շուրջ։ Ապա տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում։ Սկզբունքով որոշուեցաւ, որ շուտով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Սփիւռքի Նախարարութեան ու Լեզուի Հիմնարկի յանձնաժողովներուն միջեւ հետեւողական գործակցութեան գործընթացներ յառաջացնել եւ մօտ ապագային գիտաժողով մը կազմակերպել արեւմտահայերէնի, ուղղագրութեան եւ յարակից հարցերու առնչուած։

More News