30 January, 2018

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Անցնող երեք օրերուն ընթացքին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը։ Խորհուրդի համաժողովին ընտրուած նորընտիր Վարչութեան առաջին ժողովն էր, որ տեղի կ՚ունենար՝ մասնակցութեամբ բոլոր անդամներուն։ Մեր եկեղեցին յիշեալ մարմնին կը մասնակցի երկու անդամներով՝ յանձինս Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեանի։

 

Գործադիր Վարչութիւնը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց համաժողովին եւ անկէ բխած որոշումները փորձեց ծրագրի վերածել՝ յառաջիկայ չորս տարիներուն վրայ տարածուած։ Վարչութիւնը յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձուց տնտեսական ու վարչական բնոյթ ունեցող հարցերը։ Ընդհանուր արժեւորումը կատարելով շրջանէն ներս տիրող կացութեան, Գործադիր Վարչութիւնը վերաշեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան կարեւորութիւնը եւ Արեւմտեան եկեղեցիներուն հետ մնայուն կապ պահելու հրամայականը։

 

Նկատի ունենալով, որ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին ներկայ Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Միշէլ Ժալըխ համալսարանի նախագահ ընտրուած ըլլալով հրաժարած էր իր պաշտօնէն, յառաջիկայ չորս տարիներուն համար զինք փոխարինելու հրաւիրուեցաւ Համալսարանի Աստուածաբանական ճիւղի դասախօսներէն Դոկտ. Սուրայյա Պաշաալանին ։

 

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը յաջորդական երկու շրջաններու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահ եղած է, իսկ ներկայիս ան Խորհուրդի Պատուոյ նախագահ է։

 

More News