24 Հունվարի, 2018

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԳԱՂՏՆԱՍԱՑՈՒԹԻՒՆ ԱՅԳԻԻՍ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Գէորգ Մելիտինեցի Գրական մրցանակի թիւ 91-հրատարակութիւնը՝ Յակոբ Պալեանի «Գաղտնասացութիւն այգիիս մէջ» բանաստեղծական գործը, խմբագրութեամբ՝ Նազարէթ Պէրպէրեանի։

 

Հատորը կը բաղկանայ աւելի քան վաթսուն բանաստեղծական յօրինումներէ, որոնք կը խօսին սիրոյ, խոկումի, առանձնութեան, յուշերու, տխրութեան, խոստովանութեան մասին. հոն կան նաեւ ազգային շունչով գրուած բանաստեծութիւններ։

 

 

More News