23 December, 2017

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԻՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՎ ԿԸ ՏՕՆԱԽՄԲԷ ԻՐ ԿԱՂԱՆԴԸ

 

Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, դպրեվանեցիներ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրաետին գլխաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ տեսչական կազմին ու միաբան հայրերու մէկ յարկի տակ համախմբուելով նշեցին Դպրեվանքի կաղանդը:

 

Դպրեվանեցիներ երգեցին կաղանդի եւ ազգային զանազան երգեր՝ ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծելով: Ապա, Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան խօսք առնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ հակառակ իր բազմազբաղութեան, անգամ մը եւս առիթը ստեղծեց ըլլալու Դպրեվանքին մէջ. ան յիշեցուց դպրեվանեցիներուն, որ Վեհափառ Հայրապետը որպէս գուրգուրացող ու գթառատ Հայր, երբեք չի մոռնար Դպրեվանքն ու դպրեվանեցին։ Հայր սուրբը իր խօսքը շարունակելով՝ նշեց, թէ Դպրեվանքը դպրոցէ մը աւելի տուն ու ընտանիք է, ուր դպրեվանեցին կը սորվի ու կ՚ուռճանայ՝ ապագային դառնալու հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին նուիրեալ պաշտպաններէն մէկը:

 

Ընթրիքին ներկայ հիւր միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Թաթուլ Աբղ. Գարտանաքեան իր կարգին խօսք առնելով՝ ըսաւ, թէ Դպրեվանքը շատ բան կու տայ մեզի, հետեւաբար որքան կրնանք անկէ օգտուինք: Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ, թէ Վեհափառ Հայրապետին անձին մէջ կը մարմնաւորուին մեր թագաւորներէն Տիգրան Մեծը, Աշոտ Երկաթը եւ Աշոտ Ողորմածը, որոնք իրենց ժամանակին մէջ յեղաշրջիչ դէմքեր եղած են: Իսկ այսօր, Հայրապետը իր անձով, գործունէութեամբ ու գիտելիքներով կը գրաւէ ամբողջ աշխարհը:

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղելով տեսչական կազմին ու դպրեվանեցիներուն՝ գնահատեց Դպրեվանքի տեսչութեան հոգատարութիւնն ու գուրգուրանքը դպրեվանեցիներուն նկատմամբ: Ան նշեց, թէ Դպրեվանքը սոսկ դպրոց մը չէ, այլ կազմաւորման ու մարդու պատրաստութեան կեդրոն է: Ի վերջոյ, ան շնորհաւորեց դպրեվանեցիներուն ու անոնց ծնողներուն Նոր Տարին, մաղթելով՝ խաղաղութիւն, երջանկութիւն, իմաստութիւն, առողջութիւն եւ համերաշխութիւն:

 

Աւելի ուշ երեկոյեան, դպրեվանեցիներ ուրախութեամբ եւ մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին կաղանդ պապուկը: Կաղանդ պապուկին առաջարկով, Դպրեվանեցիներ իրենց մասնակցութիւնը բերին երաժշտութեամբ, ասմունքով, սրտի խօսքով ու իրենց զանազան տեսակի ձիրքերով: Կաղանդ պապուկը իր կարգին դպրեվանեցիներուն համար ասմունքեց: Ապա, ան իւրաքանչիւրին նուէրը փոխանցելով շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը:

 

Կաղանդ պապուկին մեկնելէն ետք, տեսուչ Հայր Սուրբը դարձեալ խօսք առնելով՝ տեսչութեան անունով շնորհաւորեց դպրեվանեցիներուն ու անոնց ծնողներուն Նոր տարին ու Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով բարեբեր, օրհնաբեր ու համերաշխ տարի մը: Հայր Սուրբը հրաւիրելով Դպրեվանքի ծառայող, հոգատար եւ դպրեվանեցիներուն մօր պէս գուրգուացող խոհարար տիկինները, գնահատեց անոնց աշխատանքը եւ գովեց ամբողջ տարուան ընթացքին անոնց ճշդապահութիւնն ու բծախնդրութիւնը ֆիզիքական սնունդի մատակարարման: Ապա, տեսչութեան ու դպրեվանեցիներուն կողմէ անոնց նուիրեց Կաղանդի նուէրներ:

 

Սիրոյ եւ գեղեցիկ սեղանին շուրջ համախմբուելով, տեսչութիւն եւ դպրեվանեցիներ, իրենց ընտանեկան Նոր տարուան սիրոյ կարկանդակը հատեցին:

 

Վերջապէս, տեսչութիւն եւ դպրեվանեցիներ դուրս գալով՝ վանքի շրջափակին մէջ կատարեցին կաղանդի ամէնէն սպասուած ճոխ մթնոլորտը, պայթուցիկներու գեղեցիկ զարդարանքը Դպրեվանքի երկնակամարին վրայ:

More News