14 Դեկտեմբերի, 2017

«ՄԵՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀԱՒԱՏՔՈՎ, ՅՈՅՍՈՎ ՈՒ ՏԵՍԻԼՔՈՎ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ» ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԱՒԱՐՏԻՆ

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ազգային ընդհանուր ժողովը 2017 Դեկտեմբերին իր յարկին տակ առաւ շուրջ 100 պատգամաւորներ, թեմակալ առաջնորդներ եւ հիւրեր, որոնք չորս օրուան վրայ քննեցին ու քննարկեցին Ազգային ընդհանուր ժողովին Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն քառամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ յատուկ զեկուցաբերներու միջոցով ներկայացուցին Կաթողիկոսութեանս հիմնախնդիրներէն քրիսոտնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, պահանջատիրութիւն, եւ Սփիւռքի վերակազմակերպում։

 

Իր օրակարգներուն աւարտին, Ժողովը ընթերցեց հոնկէ փխած բանաձեւերը, կատարեց անոնց քննարկումը եւ ստացաւ առաջնորդարաններէն եւ ժողովէն եկած առաջարկներ։ Ապա տեղի ունեցաւ ընտրութիւնը Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն։

 

Եզրափակելով Ժողովը, իր հայրապետական խօսքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ բարձր գնահատեց ժողովին ընթացքը, վստահեցուց, թէ յառաջիկայ չորս տարիներուն Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները ջանք պիտի չխնայեն ծառայելու ազգին։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ ժողովը քննարկումներու ճամբով լուրջ մտահոգութիւններ արծարծած է, ինչ որ նոր ծրագիրներու մշակման մղիչ ուժ պիտի հանդիսանայ։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց նորընտիր ժողովներուն, թէ Կաթողիկոսութեան աշխատանքները համայն հայութեան համար են եւ անոր համար հարկ է թափ տալ թեմերու վերակազմաւորման ու նոր որակով պարուրել աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յառաջացնել Կաթողիկուսութիւն-թեմեր գործակցութեան նորարար մեքանիզմներ։ Հայրապետը առաջնահերթութիւն նկատեց Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը կատարել ծրագիրներու ճամբով ու աւարտեց իր խօսքը ըսելով, որ հայ ժողովուրդը Կաթողիկոսութեան կիզակէտն է եւ ոչ՝ լուսանցքային. մեկնելով հայ ազգի գերագոյն շահերէն, համահայկական մօտեցումով ըսելիք ու ընելիք ունի Ս. Աթոռը։ «Մեր առաքելութիւնը վերանորոգ հաւատքով, յոյսով ու տեսիլքով պիտի շարունակենք։ Այդ տեսիլքը մեր հայրենիքին, եկեղցեւոյ ու միութեան հզօրացմուն է, մեր եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան առաւել աշխուժացումն է։ Այս բոլորը մենք միասնաբար պիտի կատարենք՝ ձեր մասնակցութիւնը մեր հաւաքական աշխատանքին շատ կարեւոր է», եզրափակեց Վեհափառ Հայրապետը։

 

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ազգային Կեդրոնական նորընտիր վարչութիւնը (8 Դեկտեմբեր 2017)

 

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

 

  1. Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան
  2. Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան
  3. Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան
  4. Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան
  5. Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
  6. Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան
  7. Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան
  8. Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան
  9. Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան
  10. Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան
  11. Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան
  12. Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան
  13. Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան
  14. Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան
  15. Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան
  16. Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան
  17. Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան

 

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

 

  1. Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  2. Տիկին Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  3. Տիար Տիգրան Ճինպաշեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  4. Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  5. Տիար Վրէժ Սապունճեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  6. Տիար Յակոբ Եափուճեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  7. Տիար Արթիւր Նազարեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  8. Տիար Աւետիս Կիտանեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  9. Տիար Յակոբ Գըլպաշեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  10. Տիար Հրաչ Յակոբեան (Հալէպ, Սուրիա)
  11. Տոքթ. Արմէն Տէրեան (Աթէնք, Յունաստան)
  12. Տիար Թովմաս Թովմասեան (Թեհրան, Իրան)
  13. Տիար Վահէ Եագուպեան (Լոս Անճելոս, ԱՄՆ)
  14. Տիար Կայծակ Զէյթլեան (Լոս Անճելոս, ԱՄՆ)
  15. Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան (Ուաշինկթըն, ԱՄՆ)
  16. Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան (Մոնթրէալ, Քանատա)
  17. Տիար Գրիգոր Մահսերէճեան (Ապու Տապի, ԱՄԷ)

More News