25 Նոյեմբերի, 2017

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԱՀԿ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԱԾ ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼՈՒ ԵՒ ՀԱԿԱԶԴԵԼՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

21 – 22 Նոյեմբեր 2017-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած ատելութեան յանցագործութիւնները կանխարգիլելու եւ հակազդելու խորհրդաժողով մը։ «Կանխարգիլել եւ Հակազդել Քրիտոնիաներուն եւ այլ Կրօնական Խումբերու Անդամներուն Դէմ Գործադրուած Ատելութեան Յանցագործութիւնները – Հեռանկարներ՝ ԵԱՀԿ-էն ու Անդին» խորագիրով խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու եւ Մարդկային Իրաւանց Գրասենակին կողմէ եւ հիւրընկալուած Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան կողմէ:

 

Սոյն խորհրդաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց իրաւաբան եւ միջազգային օրէնքի մասնագէտ տիար Գէորգ Յակոբճեանը:

 

Խորհրդաժողովին ելոյթ ունեցան Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը, Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը, Վատիկանի ներկայացուցիչը ու ԵԱՀԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ դիւանագէտներ։ Խորհրդաժողովին զանազան նիստերով քննարկուեցան քրիտոնեաներուն եւ այլ կրօնական խումբերու դէմ գործադրուած ատելութեան յանցագործութիւններու երեւոյթը, տեղական-տարածաշրջանային ու միջազգային գործընթացները, զանոնք կանխարգիլելու եւ հակազդելու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան դերը խտրականութեան, անհանդուրժողականութեան եւ քրիստոնեաներու իրաւունքներու ոտնահարման մարտահրաւէրները դիմագրաւելուն մէջ:

 

More News