16 November, 2017

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

16 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայութեամբ եւ Երուանդ Փամպուքեանի ատենապետութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս գումարուեցաւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի քարտուղարութեան նիստը։ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող ներկայ յանձնաժողովին կ՚անդամակցին հայագէտներ ու լեզուագէտներ՝ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն։ Անոր վարիչ-քարտուղարութիւնը ստանձնած է Ժիրայր Դանիէլեան, որ միաժամանակ Կաթողիկոսարանիս հայագիտական դասընթացքի տեսուչն է եւ դասախօս՝ Դպրեվանքէն ներս։

Յանձնաժողովը լծուած է հանգրուանային կերպով արեւմտահայերէնի առնչուած զանազան հարցերու ուսումնասիրական աշխատանքին. օրինակ՝ քերականութիւն, ուղղագրութիւն, կէտադրութիւն, խնդրայարոյց բառեր, եւայլն…։ Իր աշխատանքներու աւարտին, ան գրքոյկներու ձեւով պիտի հրապարակէ կատարուած ուսումնասիրութիւնները որպէս ուղեգիծ արեւմտահայերէնի ուսուցման ու գործադրութեան։

More News