13 Նոյեմբերի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ տիար Գառնիկ Մկրտիչեանին։ Կեդրոնական վարչութիւնը եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ցուցաբերած երկարամեայ աջակցութեան ու վստահութեան, ինչպէս նաեւ զեկուցելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակին առնչուած յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին՝ խնդրելով Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը։

 

Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց աւելի քան մէկ դարեայ գործունէութիւն ծաւալած միութեան երթը՝ շեշտելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ. ոչ միայն մարմնակրթական միութիւն մըն է, այլեւ սփիւռքեան իրականութեան մէջ հայկական ինքնութիւնը ամրապնդող տարածք։

Աւարտին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրոնական վարչութիւնը Նորին Սրբութեան յանձնեց Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 10-րդ մարզախաղերուն յուշանուէրը։

More News