27 Հուլիսի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆ ՈՒ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Հինգշաբթի, 27 Յուլիս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Յունաստանի Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ նորընտիր Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պօղոս Չոլաքեանի այցելութիւնը։

Աշխատանքային հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Թեմին յառաջիկայ աշխատանքները, ծրագիրները ու առաջնահերթութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով նոր Առաջնորդի ու նոր Վարչութեան ընտրութիւնները՝ շեշտեց փոխադարձ սիրով ու գործակցական ոգիով լծուելու Թեմի կեանքը վերակազմակերպելու ու վերաշխուժացնելու աշխատանքին։

More News