20 Մայիսի, 2017

ՔՈՒԷՅԹԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՈՒՄ

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԷՏՔ Է ՊԱՅԾԱՌԱՑՆԵՆՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԵԿԵՂԵՑԻՈՎ ՄԵՆՔ ՊԱՅԾԱՌԱՆԱՆՔ»

ՊԱՏԳԱՄԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՔՈՒԷՅԹԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

 

           «Ուրախացի՛ր, ծարաւ անապատ: Անապատը պիտի ցնծայ եւ պիտի ծաղկի շուշանի պէս»: Մարգարէական այս հրաշալի տողերը կարծէք թարգմանը հանդիսացան քուէյթահայութեան անսահման ցնծութեան ու հոգեփոխութեան, երբ Ուրբաթ, 19 Մայիս 2017-ին, համայնքային կեանքը ծաղկազարդուեցաւ նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ օծման հոգեպարար արարողութեամբ, ձեռամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Քուէյթի գաղութի ոսկեմատեանին մէջ անկիւնադարձային լուսաշող թուական մը արձանագրելով։

            Երկամեակ մը առաջ, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին ու Ազգային Առաջնորդարանը դատարկելու եւ կալուածատիրոջ յանձնելու ահազանգը ուժգնօրէն հնչեց քուէյթահայութեան կեանքէն ներս եւ սեփական եկեղեցի մը ունենալու առաջնահերթութեան գաղափարը կեանքի կոչուեցաւ բաւական ծանր պայմաններու մէջ, սակայն շնորհիւ համայնքի հաւաքական կամքին ու քրտնաջան աշխատանքին, այսօր քուէյթեան անապատը ծաղկեցաւ իր հոգիի տաճար՝ Ս. Վարդանանց եկեղեցիով։

            Եկեղեցւոյ շինութեան իրենց կարեւոր նպաստը բերին Տէր եւ Տիկին Անուշաւան Նազարեան, Տէր եւ Տիկին Ֆիլիփ Փաթաթանեան, Մելիքսէթեան Ընտանիք, Տիար Կիրակոս Տարագճեան, Տէր եւ Տիկին Սէմի Տարեան, Տէր եւ Տիկին Սեւակ Արծրունի, Տէր եւ Տիկին Զարեհ Յակոբեան, Տէր եւ Տիկին Գրիգոր Պետիրեան, Տէր եւ Տիկին Պետրոս Պետիրեան, Տէր եւ Տիկին Յակոբ Պէրպէրեան, Տէր եւ Տիկին Յարութիւն Սիլվիա Սթանպուլեաններ, Տէր եւ Տիկին Մունիր Դարբինեան, Տէր եւ Տիկին Ժոզէֆ եւ Նուէր Սէփիլեաններ, Տէր եւ Տիկին Կոստանդին Մոմճեան, Տէր եւ Տիկին Պարգեւ Տէմիրճեան, ՀՕՄ ՔՄՄ, Յակոբ եւ Յարութ Պետիրեան եղբայրներ, Հինտոյեան Ընտանիք, Տէր եւ Տիկին Պօղոս Այվազեան, Տէր եւ Տիկին Վիգէն Արսլանեան, Թասլաքեան Ընտանիք, Տիար Գրիգոր Թիւթիւնճեան, Տիկին Անահիտ Պօղոսեան, Տէր եւ Տիկին Յարութ Զաքարեան, ՀՅԴ ՔՔԵՄ, ՀԴՊՄ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութիւն։

            Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ օծումը կատարուեցաւ հանդիսաւոր շուքով՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Օրուան պատարագիչն էր Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան։

            Յայտնենք, որ արարողութեան նաեւ ներկայ էին Քուէյթի եւ շրջակայից քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր, ինչպէս նաեւ Քուէյթի մօտ շարք մը երկիրներու դեսպանները, եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Սէուտական Արաբիայէն եւ Պահրէյնէն ժամանած ազգայիններ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։

            Հանդիսաւոր թափօրով Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց եկեղեցի ու Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ սկիզբ առաւ օծման արարողութիւնը։ Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը օծեց եկեղեցւոյ Ս. Խորանը, համաձայն հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը օծեց եկեղեցւոյ մկրտարանը, որմէ ետք պատարագիչ Սրբազան Հայրը, Առաջնորդ Հայր Սուրբին ուղեկցութեամբ յաջորդաբար օծեց եկեղեցւոյ մայր դուռը եւ սիւները, որոնք նուիրուած էին առաքեալներուն եւ մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն։ Ապա, նորաօծ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Անդաստան»ի արարողութիւն։

            Օծման արարողութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն՝ ըսելով. «Անցնող տարիներու ընթացքին Քուէյթի հայութիւնը դժուար պայմաններու մէջ զԱստուած պաշտեց, դժուար պայմաններու մէջ իր գաղութային կեանքը կազմակերպեց, շնորհիւ մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքին, սիրոյն, միասնականութեան ու վճռականութեան։ Ահաւասիկ դուք այս եկեղեցին եւ Ազգային Առաջնորդարանը կանգնեցիք, որպէսզի ձեր հոգեւոր ու ազգային կեանքը իր բոլոր երեսներով ու արտայայտութիւններով ըլլայ աւելի կազմակերպ, աւելի կենսունակ»։

            Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով քուէյթահայութեան ըսաւ. «Եկեղեցին շէնքը չէ։ Ի՞նչ կ՚արժէ գեղեցիկ շէնք մը կառուցել, երբ ան դատարկ է։ Ձեր ներկայութեամբ այս եկեղեցին եկեղեցի՛ պիտի դարձնէք բառին վաւերական հասկացողութեամբ, ձեր մասնակցութեամբ դուք եկեղեցի պիտի դառնաք։ Քրիստոնէական եկեղեցին մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, ազգային նկարագիր ստացած է, դարձած է հա՛յ եկեղեցի, եւ պատմութիւնը կը վկայէ, որ հայ եկեղեցին ճակատագրական դեր կատարած է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Մեր եկեղեցւոյ հզօրութիւնը, մեր եկեղեցւոյ կոչումն ու առաքելութիւնը ծառայութիւն է Աստուծոյ եւ ժողովուրդին։ Այսպէս կ՚ըմբռնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր Հայրապետով, միաբանութեամբ եւ ժողովական կառոյցներով։ Արդ, կոչ կ՚ուղղենք բոլոր թեմերուն, առաջնորդներուն, ազգային իշխանութիւններուն նուիրումով ծառայելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Ա՛յս է եկեղեցւոյ ճշմարիտ կոչումը։ Այս եկեղեցին ձեր կեանքին մէջ պիտի դառնայ ծառայական ներկայութիւն։ Պիտի բոլորուիք այս եկեղեցւոյ շուրջ, որպէսզի ձեր կեանքը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու կենսունակ։

            Ահաւասիկ հրաշքի համազօր իրագործում մըն է որ տեղի ունեցաւ։ Ձեր հոգեւոր ապրումներով ու հաւատքի զօրութեամբ պիտի պայծառացնէք այս եկեղեցին, որպէսզի եկեղեցիով դուք պայծառանաք»։

            Աւարտին Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերուն եւ դիւանագէտներու ու դեսպաններու ներկայութիւնը։ Ապա յանուն Քուէյթի հայութեան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Քուէյթի Էմիրին՝ ըսելով. «Իմ հոգեկան ուրախութիւնս կ՚ուզեմ յայտնել, որ անգամ մը եւս կը գտնուիմ Քուէյթի այս օրհնեալ երկրին մէջ, ուր բոլոր քուէյթցիները, առանց կրօնական ու համայնքային խտրութեան կ՚ապրին խաղաղութեան մէջ, փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի մթնոլորտի մէջ։ Նոյն այս մթնոլորտին մէջ կ՚ապրին հայ եկեղեցւոյ զաւակները։ Անոնք իրենց աշխատանքով ու հաւատարմութեամբ գործօն մասնակցութիւն կը շարունակեն բերել Քուէյթի զարգացման ու ծաղկման։ Այս առիթով ես իմ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Քուէյթի Իշխան Նորին Վսեմութիւն Շէյխ Սապահ Ալ Ահմէտ Ալ Ճապեր Ալ Սապահին, հայ համայնքին նկատմամբ իր ցուցաբերած հոգածութեան եւ ընծայած կարելիութիւններուն համար»։

            Կարելի է անվարան բարձրաղաղակել, որ «ժողովուրդիս հետ, եկեղեցւոյս համար» նշանաբանով, Քուէյթի մէջ եկեղեցաշինութեան սրբազան գործը յառաջ տարուեցաւ եւ հասաւ իր պատուաբեր վախճանին, հիմնական յենարան ունենալով քուէյթահայութեան անընկճելի կամքն ու միասնական ոգին, որոնց մէկտեղումով այսօր բոլորիս երազանքը կեանքի կոչուեցաւ եւ յիսնամեակէ մը աւելի կեանք ունեցող քուէյթահայ համայնքը արդէն տէրն ու տիրականն է սեփական հայկական եկեղեցւոյ եւ Առաջնորդարանի:

 

                   Յայտնենք, որ նոյն օրը առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանի ու Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Ազգային Աաջնորդարանին։

 

More News