7 May, 2017

ԱՐՑԱԽԻ «ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ» ԳԻՒՂԻ ՏՈՒՆԵՐԸ ԿԸ ՏՐՈՒԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախի մէջ «Նոր Կիլիկիա» անունով գիւղ մը հաստատուեցաւ իր նորակառոյց բնակարաններով եւ անհրաժեշտ կառոյցներով ու յարմարութիւններով։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Արցախի իշխանութեան յատուկ կարգադրութեամբ «Նոր Կիլիկիա»ի տուները առաջնահերթութեան կարգով պիտի յատկացուին Արցախի նահատակներու ընտանիքներուն։

Յայտնենք, որ «Նոր Կիլիկիա» գիւղի բնակարաններու շինութեան երկրորդ հանգրուանը աւարտած է եւ պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ 8 Մայիսին։ Պաշտօնական բացումին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պիտի մասնակցի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։

More News