20 April, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, 19 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին երկու ժէնէրալներ եւ Գաղտնի Ոստիկանութեան բարձրաստիճան պատասխանատու մը։

Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց բանակի ընդհանուր հրամանատարին բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ շնորհիւ բանակի հսկողութեան ապահովութիւն կը տիրէ երկրի զանազան շրջաններէն ներս։

Ողջունելով բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք, Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակը ու անոր կողմէ կատարուող աչալուրջ հսկողութիւնը երկրի բոլոր շրջաններէն ներս, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը, ամբողջականութիւնը ու գերիշխանութիւնը ներկայացնող ու երաշխաւորող բանակին։

More News