25 Հունիսի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի ներկայացուցիչը

Այս առաւօտ, Երեքշաբթի 25 Յունիս 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի խորհրդական՝ Այաթոլլահ Ղուլան Ալի Նայիմ Ապատին, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Իրանի Դեսպան՝ Տոքթ. Ղանտաֆարի եւ դեսպանատան քաղաքական ու մշակութային կցորդներու։

 

Այաթոլլահ Ապատին Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Այաթոլլահ Խամենէի բարեմաղթութիւնները եւ յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ Իրանահայութեան մասին։ Խօսելով Իրանի Հայ համայնքին մասին Այաթոլլահ Ապատին յիշեց, Այաթոլլահ Խումէյնիի եւ Այաթոլլահ Խամենէի դրական վկայութիւնները Հայութեան մասին. ան ըսաւ, մենք ամբողջական ազատութիւն տուած ենք Հայ համայնքին իրենց կրօնական ու ազգային աւանդութիւնները պահելու։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին ողջունելով բարձրաստիճան հիւրը, անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութեան ու երկխօսութեան։ Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց մեր ժողովուրդին նկատմամբ Իրանի Պետութեան ցուցաբերած յատուկ նախանձախնդրութեան գծով։

 

Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադառնալու Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս շրջանի կացութեան մասին։ Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց թէ՛ Ղարաբաղի եւ թէ ալ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով Հայ ժողովուրդին նկատմամբ Իրանի պետութեան ցուցաբերած զօրակցութիւնը։

More News