29 Դեկտեմբերի, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ

 
 
Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան զոյգ տօներուն առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2016-ին այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց: Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Ծերանոցի տնօրէնութեան ու խնամակալութեան կողմէ:
 
Տնօրէնութեան ու Խնամակալութեան անունով Նորին Սրբութեան բարի գալուստ մաղթեց Ազգային Ծերանոցի տնօրէն՝ Վեր. Սեպուհ Թէրզեան, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ հակառակ իր բազմազբաղութեան ամէն տարի առիթ կը ստեղծէ այցելելու ընկերային ծառայութիւն մատուցող հաստատութիւններ եւ հանդիպելու պատսպարուած հայորդիներուն հետ: Իր խօսքի աւարտին տնօրէնը Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց Ազգային Ծերանոցի մատուցած զանազան ընկերային ծառայութիւններուն ու աշխատանքներուն մասին:
 
Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ պատսպարեալ տարեցներուն հետ, հետաքրքրուեցաւ անոնց առողջական վիճակով, զրուցեց անոնց հետ ու զանոնք վստահեցուց, թէ ազգը մի՛շտ տէր եւ պաշտպան պիտի կանգնի հայ տարեցներուն բոլոր տեսակի պէտքերուն եւ կարիքներուն: Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղելու պատսպարեալ ծերունիներուն, ըսաւ. «Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան սեմին, ես աղօթող եմ առ բարձրեալն Աստուած, որ ձեզի, եւ բոլոր հայ տարեցներուն շնորհէ կատարեալ առողջութիւն, հոգեկան խաղաղութիւն, ուժ եւ կորով: Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշագործող օրհնութիւնները թող որ անպակաս ըլլան ձեր վրայէն»:
Աւարտին, Միաբան Հայրեր Ս. Ծննդեան շարականներու երգեցողութեամբ մամիկներն ու պապիկները բաժնեկից դարձուցին տօնական ուրախութեան: Ծերունիներ եւս իրենց կարգին աղօթքներով, երգերով ու արտասանութիւններով Նոր Տարուան բարեմաղթութիւններ կատարեցին Վեհափառ Հայրապետին ու մաղթեցին երկար տարիներու գահակալութիւն:
 
 
 

More News