Երկուշաբթի, 28 Նոյեմբերէն մինչեւ Հինգշաբթի 1 Դեկտեմբեր 2016 Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ «Pro Oriente»ի կազմակերպած Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու աստուածաբաններու երկխօսութեան յանձնախումբի ժողովը:
Ժողոովին Հայ Եկեղեցին ներկայացուցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն Գերպ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանը:
Աստուածաբանական, եկեղեցաբանական, ծիսական տարբերութեանց եւ գործանական այլ մտահոգութիւններու քննարկման ընթացքին խօսք առաւ Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանը, որ իր խօսքին մէջ յիշելէ ետք եկեղեցիներու բաժանման ամփոփ մանրամասնութիւնները, շեշտեց գործակցութեան ճամբով եկեղեցւոյ միութեան նոր թափ տալու հրամայականը:
Չորս օրերու վրայ երկարող ժողովի աւարտին, մասնակից եկեղեցիներու անունով պատրաստուեցաւ հաղորդագրութիւն մը: Ժողովի յաջորդ նիստը պիտի կատարուի Փետրուար 2018-ին՝ դարձեալ Վիեննայի մէջ: