Առնուած «Զարթօնք» Օրաթերթէն
Երկուշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ, նախկին պետական երեսփոխան Յակոբ Գասարճեան։ Պատուիրակութիւնը եկած էր շնորհաւորելու Նորին Սրբութեան ընտրութեան եւ օծման 20-րդ տարեդարձը։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած մտերմիկ հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու Հայ ազգը յուզող շատ մը հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական իրավիճակը։ Տիար Յակոբ Գասարճեան խօսք առնելով վեր առաւ Արամ Ա. Վեհափառի կարեւոր դերը` ազգային եւ միջազգային բեմի վրայ: Ան շեշտեց, որ անցնող 20 տարիները կը վկայեն հայ իրականութեան մէջ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած անզուգական դերին մասին։ Պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան գահակալութեան 20 ամեակին առիթով կատարած հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս՝ Վահան Թէքէեան Վարժարան այցելութեան համար։
Նորին Սրբութիւնը իր կարգին գնահատեց Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը՝ Սփիւռքի հայապահպանման նուիրական գործին մէջ, քոյր միութիւններու շարքին, իր ունեցած կարեւոր դերին համար։ Հանդիպումը նաեւ առիթ մըն էր Վեհափառ Հայրապետէն տեղեկանալու Սիսի Կաթողիկոսութեան կալուածներու վերադարձնելու հարցով յարուցուած դատին թեւակոխած հանգրուանին մասին: Նորին Սրբութիւնը համապարփակ ձեւով ԹՄՄ պատուիրակութեան ներկայացուց դատի գործընթացը: Վեհափառ Հայրապետը Ժողովականներուն տեղեկացուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր հայցով շուտով պիտի անցնի նոր փուլ՝ ան դատ պիտի բանայ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մօտ, պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։
Հանդիպման աւարտին ԹՄՄ-ի անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին։