ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ՔԱՅԼԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՏ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄՕՏ, ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

 

Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2016­ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատ պիտի բանայ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մօտ, պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը:

 

            Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, շուրջ երկու տարիներու վրայ տարածուած աշխատանքէ յետոյ, 28 Ապրիլ 2015­ին մեր Սուրբ Աթոռը Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ դատ բացած էր վերոյիշեալ պահանջով: Սահմանադրական Դատարանը իր կարգին դիմած էր Արդարութեան Նախարարութեան՝ ունենալու անոր կարծիքը: Վերջինս թելադրած էր մերժել դատը, զայն Սահմանադրական Դատարանին իրաւասութեան սահմաններէն դուրս նկատելով: Հետեւաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը որոշեց դիմել Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին, Սթրազպուրկի մէջ (Ֆրանսա):

 

            Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2016-ին, Պրիւքսէլի (Պելճիքա) Մամլոյ Ակումբին մէջ, կէսօրէ ետք տեղական ժամով՝ ժամը 1­ին տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս, մասնակցութեամբ տեղական ու միջազգային մամլոյ գործակալութիւններու, քաղաքական պատասխանատուներու եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն: Մամլոյ ասուլիսին պիտի մասնակցին Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցիչը, Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնը եւ յիշեալ դատը հետապնդող իրաւաբաններու խմբակէն հինգ անձեր: