3 December, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

 

Շաբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Զուիցերիոյ Եկեղեցիներուն պատկանող երկու Աստուածաբաններ՝ Դոկտ. Մարթին Հոյկըր եւ Դոկտ. Օլիվիէր Ֆլուրի։

Անոնք եկած էին 2033-ին Համաքրիստոնէական տարողութեամբ Քրիստոսի յարութիւնը նշելու ծրագրին մասին ունենալու Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը։ Այս գծով, անոնք անցեալ շաբաթ հանդիպում ունեցած էին Ֆրանսիս Պապին հետ, եւ ստանալով անոր օրհնութիւնը ուզած էին ունենալ Նորին Սրբութեան տեսակէտը։

Ողջունելով նման ծրագրի մը իրագործումը Վեհափառ Հայրապետը անոնց պարզեց իր տեսակէտները ու առաջարկները, յատկապէս թելադրելով նախ, ունենալ բոլոր պետերուն օրհնութիւնը ապա, մասնագէտներէ բաղկացած ներկայացուցչական յանձնախումբի մը նշանակումը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց, նման նախաձեռնութիւն մը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծիրէն ներս իրագործելու հրամայականը։