Շուրջ երեսուն հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը, թաղականութեան ու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կոմիտէն, ինչպէս նաեւ բարեսիրական ու համայնքային քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Պատուիրակութիւնը եկած էր շնորհաւորելու Նորին Սրբութեան ընտրութեան եւ օծման 20-րդ տարեդարձը։
Պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Այնճարի Քաղաքապետ Տիար Վարդգէս Խօշեան։ Ան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ընտրութեան ու օծման 20-րդ տարեդարձը, ընդգծելով վերջին երկու տասնամեակներուն Նորին Սրբութեան կատարած իրագործումները մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին հաւաքական կեանքի զանազան մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ Միջ-եկեղեցական ու Միջ-կրօնական յարաբերութեանց ծիրէն ներս։
Վեհափառ Հայրապետը, իր գնահատանքը յայտնելէ ետք եղած բարեմաղթութիւններուն, շեշտեց Այնճարի իւրայատուկ կարեւորութիւնը Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը Այնճարը նկատեց «Փոքր Հայաստան», ուր մեր հոգեւոր, ազգային ու մշակութային արժէքներն ու աւանդութիւնները միշտ մնացած են անվթար ու կենսունակ։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Այնճարի հայկական դիմագիծը առողջ պահելու հրամայականը։