29 November, 2016

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀՈՆԿ-ՔՈՆԿԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՔՈՐԷԱՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

14-20 Նոյեմբեր 2016-ին, Հոնկ-Քոնկի մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) հրաւիրած միջազգային մասնագիտական խորհրդաժողովը, որ քննարկեց զոյգ Քորէաներու միջեւ խաղաղութեան դաշնագրի մը որդեգրումին կարելիութիւնները։
 
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Հարաւային Քորէայէն եւ Հիւսիսային Քորէայէն պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ 11 այլ երկիրներէն ժամանած ներկայացուցիչներ։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ Ե.Հ.Խ.-ի Միջազգային Հարցերու Յանձնախումբի անդամ՝ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան։ Դոկտ. Պայրագտարեան նախագահեց Քորէական հարցի մասնագիտական ներկայացումներու նիստը՝ ուր խօսք առին դեսպան Փարք Քիանկ Սօ, Մ.Ա.Կ.-ի մէկ ենթայանձնախումբի նախագահ՝ Փրոֆ. Մօ Ճանկ Սուն եւ քորէական հարցի մասնագէտ՝ Փրոֆ. Էրիք Ուայնկարթնըր։ Դոկտ. Պայրագտարեան վարեց նաեւ խաղաղութեան դաշնագրի քննարկումին կապուած նիստը։
 
Երկար քննարկումներէ ետք, ժողովը որդեգրեց միացեալ բանաձեւ մը, որ շեշտեց քորէական թերակղզիին վրայ խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութեան վրայ, ինչպէս նաեւ շեշտեց անհրաժեշտ քայլեր որդեգրել խաղաղութեան համաձայնագրի մը ստորագրութեան համար։
 
Քորէացի պատուիրակութեանց ինչպէս նաեւ մասնակիցներու գնահատումով, սոյն միջազգային խորհրդաժողովը Քորէայի թերակղզիին մէջ խաղաղութեան ճամբան հարթող կարեւոր քայլ մը նկատուեցաւ։
 

More News