Առնուած «Ազդակ» Օրաթերթէն
«Պուրճ Համուտը Աւելի Քան Երբեք Կենսունակ Եւ Պայծառ Է
Մեր Ժողովուրդի Համախումբ Ու Կազմակերպ Ներկայութեամբ»
Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Կիրակի, 27 Նոյեմբեր 2016-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմին տուած այցելութեան վերջին օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ հանդիսաւորապէս դիմաւորուեցաւ Թեմի հոգեւորականներու, Ազգային Իշխանութեան, կազմակերպութիւններու, յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներու, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն, Լիբանանի Հայոց Թեմի եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներուն, տիկնանց յանձնախումբերուն, դպրաց դասերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն եւ իրենց հովուապետին սպասող ժողովուրդին կողմէ: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք Նորին Սրբութեան նախագահած թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, որուն զանգերու ղօղանջներուն եւ դպրաց դասին կողմէ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեան ներքեւ Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեց եկեղեցի եւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց: Անոր առընթերականերն էին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան:
Յընթացս Ս. Պատարագին Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը ուղղեց խուռներամ հաւատացեալներուն: Ան ըսաւ, որ քրիստոնէական հաւատքը զգացական հոգեվիճակ մը չէ, տեսութիւններու, յղացքներու եւ գաղափարներու վրայ հիմնուած երեւոյթ մը չէ, այլ երկինքէն իջած արժէքներու համակարգ մըն է: Երկնային արժէքները շօշափելիօրէն կը տեսնենք Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան մէջ` իբրեւ ճառագայթող ներկայութիւն: Քրիստոսի հաւատալ կը նշանակէ սիրոյ, նուիրումի, զոհողութեան ու ծառայութեան արժէքները մեր կեանքին մէջ ապրիլ:
Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսքը ուղղելով ժողովուրդին ըսաւ. «Ուրախութեամբ կը վկայեմ, որ դուք ձեր կեանքին մէջ կը շարունակէք կեանքի վերածել քրիստոնէական եւ ազգային արժէքները, ձգտումները եւ տենչերը: Այսօր, երբ կը խօսինք քրիստոնէական արժէքներուն մասին, չենք կրնար բաժանման գիծ մը քաշել ազգային արժէքներուն եւ քրիստոնէական արժէքներուն, ազգային դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան, հայութեան եւ քրիստոնէութեան միջեւ: Անոնք դարձած են մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Մենք կը տեսնենք այդ արժէքներուն` քրիստոնէական ու ազգային միաձոյլ արժէքներուն կենդանի ներկայութիւնը Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ»:
Վեփափառ Հայրապետը հաստատեց, որ Պուրճ Համուտը հայ ժողովուրդի ու քրիստոնէական հաւատքի ամէնէն վեհ արժէքներուն մէկ ամբողջութիւնն է: Պուրճ Համուտը կենդանի օրինակ դարձած է քրիստոնէական հաւատքի եւ մեր ժողովուրդի նուիրական արժէքներուն: Ան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս մեր կառոյցները եւ միութիւննները իրենց կարելին կ’ընեն, որ Պուրճ Համուտը պահէ իր հայկական դիմագիծը եւ իր բոլոր կառոյցներով մնայ կենսունակ: Ան ըսաւ. «Լիբանանի հայութեան համար կենսական է Պուրճ Համուտի մէջ մեր ժողովուրդի հաւաքական ներկայութիւնը: Կը վկայեմ, որ Պուրճ Համուտը աւելի քան երբեք կենսունակ եւ պայծառ է մեր ժողովուրդի համախումբ ու կազմակերպ ներկայութեամբ»:
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական օրհնութեամբ ողջունելով Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը, Հայաստանի դեսպանը, Ազգային Իշխանութեան բոլոր մարմինները, յարակից միութիւնները, քոյր կազմակերպութիւնները եւ ժողովուրդի զաւակները` ըսաւ. «Դո՛ւք էք մեր հզօրութեան աղբիւրը, դո՛ւք էք մեր մտահոգութեան, աշխատանքներուն, ծառայութեան նպատակն ու կիզակէտը: Առանց ժողովուրդի եկեղեցին կը կորսնցնէ իր ճշմարիտ իմաստը: Առանց ժողովուրդի մեր բոլոր կազմակերպութիւնները կը կորսնցնեն իրենց իմաստը, դիմագիծը եւ նպատակը»:
Իր պատգամի աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց երիտասարդները, որոնք ազգային կառոյցներուն շուրջ համախմբուած են, եւ գնահատեց անոնց գործօն մասնակցութիւնը մեր հաւաքական կեանքին: Ան հաստատեց, որ հայութիւնը ինքնակեդրոն եւ ինքնանպատակ կեանք չէ: Հայութիւնը մասնակցութիւն է հաւաքական կեանքին: «Մեր կեանքի լուսանցքին վրայ գտնուող երիտասարդները պէտք է մօտենան մեզի եւ մաս կազմեն մեր կեանքին, այսօր աւելի քան երբեք մենք պէտք ունինք մեր երիտասարդութեան շունչին, ոգիին, կամքին, հաւատքին, մասնակցութեան արտայայտումով: Վստահ եմ` Լիբանանի մեր սիրելի երիտասարդ-երիտասարդուհիները այս գիտակցութեամբ ու նուիրումով մասնակից պիտի դառնան մեր կեանքին», ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ աւարտին աղօթեց, որ Աստուած իր երկնային բարիքներով ծաղկազարդէ, պայծառակերպէ ու հզօրացնէ Լիբանանի հայութիւնը` իբրեւ սիրտը Սփիւռքի հայութեան:
Յաւարտ Ս. Պատարագին Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Լիբանանի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, թէ սիրոյ սեղանով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային Վարչութիւնը կու գան եզրափակելու մէկ շաբթուան ընթացքին Լիբանանի Հայոց Թեմին կազմակերպած ծրագիրները, ապա հրաւիրեց յոտնկայս խմելու Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կենացը` անոր մաղթելով արեւշատութիւն եւ անարգել վերելք: Յ. Հաւաթեան, ակնարկելով անցնող շաբթուան ընթացքին լիբանանահայ գաղութին ապրած խանդավառութեան, ըսաւ, որ ի պատիւ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Արամ Ա. Հայրապետի այցելութիւններուն, կազմակերպուած կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական ձեռնարկները իրենց դրոշմը ձգեցին իւրաքանչիւրին կեանքին վրայ: Ան հաստատեց, որ ձեռնարկները լիբանանահայութեան պիտի տան յաւելեալ լիցքաւորում եւ կորով` աշխատանքները նոր թափով շարունակելու եւ նուիրուելու հայ ժողովուրդի ծառայութեան` հոգեւոր եւ աշխարհական ներկայացուցիչներով:
Յ. Հաւաթեան ըսաւ. «Մենք կը գիտակցինք լիբանանահայ գաղութի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան, մա՛նաւանդ երբ մեր դրացի հայ գաղութները կ’ապրին աննախընթաց դժուարութիւններ: Մենք որոշած ենք քալել յաւելեալ տեսիլքով եւ վճռակամութեամբ: Կը հաստատենք, որ Ազգային Միացեալ Վարժարանին շուրջ ստեղծուած այս խանդավառութիւնը պիտի շարունակենք վառ պահել մինչեւ կրթական վերամուտ եւ կը խոստանանք, որ թէ՛ նիւթական, թէ՛ կազմակերպչական, թէ՛ կրթական իմաստով պիտի ստեղծուի համակող միջավայր, կը խոստանանք, որ մինչեւ վերամուտ մենք ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնենք հանգանակուած գումարը կրկնապատկելու: Այս իմաստով ալ մենք կը վստահինք մեր բոլոր մարմիններու, կազմակերպութիւններու եւ բարերարներու անվերապահ աջակցութեան ու քաջալերանքին»:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին այս այցելութեան համար, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով Վեհափառ Հայրապետին յայտարարութիւնները` լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի կարեւորութեան մասին: Ան աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Մենք տակաւին ամուր ենք եւ ամուր պիտի մնանք` շնորհիւ մեր ղեկավարութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին անմիջական աջակցութեան»:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, որ ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան ընթացքին հայութեան ամրոցը եղած է ամէն տեսակ վտանգներու դէմ: Մեր եկեղեցին միշտ այդպէս եղած է, եւ այդպէս ալ պէտք է մնայ: Իր խօսքի աւարտին ան Վեհափառ Հայրապետին մաղթեց երկար կեանք եւ բեղուն գործունէութիւն:
Երուանդ Փամպուքեան իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկիոյ նուիրապետական Աթոռի վարկը եւ հեղինակութիւնը տարիներէ ի վեր բարձր պահած է ու կը շարունակէ պահել: Սփիւռքի կեդրոնը Անթիլիասն է` Կիլիկեան Աթոռն է: Ան ըսաւ, թէ Վեհափառ Հայրապետը կը հանդիսանայ պարծանքը համայն հայկական Սփիւռքին:
Կրօնական Ժողովի ատենապետ Սարգիս Քհնյ. Սարգիսեան ըսաւ, թէ Վեհափառ Հայրապետին դաստիարակութեամբ եւ օրինակով կերտուած են իր եւ բազմաթիւ հոգեւորականներու նկարագիրները: Ան հաստատեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսը միշտ յորդորած է ժողովուրդին ծառայել խոնարհութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով` ըլլալով պատկերը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:
Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ ըսաւ, թէ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կ’առանձնանայ իր հռետորական արուեստով, խօսքի ուժով, առողջ գաղափարներով, ներուժով եւ համոզումները այլոց փոխանցելով: Դեսպան Մկրտչեան հաստատեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի շարունակէ պահպանել իր խօսքին ուժգնութիւնը եւ իր հօտը ոգեւորելով պիտի առաջնորդէ ապագային:
Ազգային վարժարաններուն անունով խօսք առաւ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեան, որ լուսարձակի տակ առաւ այն գոհունակութիւնը եւ ուրախութիւնը, որոնք ապրեցաւ Պուրճ Համուտի հայութիւնը Վեհափառ Հայրապետին այս այցելութեամբ: «Մենք, իբրեւ ազգային վարժարաններ, կը կարծեմ, որ մեր պարտականութիւնը կատարեցինք մինչեւ այսօր, մեզի յանձնուած ժառանգութիւնը պահեցինք պատուով ու արժանապատուութեամբ եւ նոյն պատուով ու արժանապատուութեամբ կ’անցնինք Ազգային Միացեալ Վարժարանին` այն հաւատքով, որ կը շարունակէ նոյն ուղին անպայման եւ մեր գաղութի ճակատը միշտ բարձր պիտի պահէ», ըսաւ Յ. Պերթիզլեան:
Խօսք առաւ նաեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ողջունելով Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցելութիւնը` հաստատեց, որ ան միշտ ալ փաստած է, որ խօսքը գործի վերածող անձնաւորութիւն է: Բագրատունի վստահեցուց, որ Լիբանանի հայութիւնը պիտի մնայ իսկական հայ, պիտի շարունակէ ըլլալ հզօր ամրոցը մեր ժողովուրդի դատի պաշտպանութեան, Լիբանանի Հայոց Թեմը պիտի մնայ այն հիմնական սիւներէն մէկը, որուն վրայ բազմած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Պուրճ Համուտն ու Այնճարը պիտի շարունակեն մնալ հայատրոփ: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի աւարտեց խօսքը` ըսելով. «Ձեր ներկայութիւնը միշտ օրհնաբեր եւ խթանող է»:
Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Տիգրան Ճինպաշեան, որ ընդհանուր կերպով անդրադարձաւ Վարչութեան գործունէութեան դաշտին եւ տարած աշխատանքներուն` Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ: Այս ծիրին մէջ ան դրուատեց Վեհափառ Հայրապետին կարողութիւնը բոլոր թեմերուն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերաբերող տեղեկութիւնները ամբարելու եւ առաջնորդողի դերը լիովին կատարելու, լուսարձակի տակ առաւ անոր աշխատանքային արտասովոր թափն ու բծախնդիր հետեւողականութիւնը: Ճինպաշեան նաեւ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ միջազգային բեմերուն վրայ կամ եկեղեցական միջավայրերու մէջ Նորին Սրբութեան խօսքը ունի իր կշիռն ու հեղինակութիւնը` այն պատճառով, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս մեծ հմտութեամբ, ամենայն պատասխանատուութեամբ կը պատրաստուի եւ կը դրսեւորէ ինքզինք թէ՛ ներքին, եւ թէ՛ արտաքին ճակատներուն վրայ: Ան ըսաւ, որ Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց ըլլալ ազգային պահանջատիրութեան տէր, եկեղեցւոյ եւ ազգին նկատմամբ նուիրումը կենսակերպի վերածող` մաղթելով, որ այդ յորդորը հասանելի ըլլայ բոլորին եւ գործադրուի իր ամբողջական իմաստով:
Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, թէ մեր կեանքին մէջ թերութիւններ շատ կան, բայց մեր եկեղեցիներուն շուրջ եւ կառոյցներու ու միութեանց մէջ ունինք գերգնահատելի մարդուժ, որ կը գործէ մեր տեսիլքներուն հասնելու ցանկութեամբ եւ իրարմով շարունակաբար հզօր մնալու գիտակցութեամբ: Խօսքի աւարտին ան միացնելով աղօթքը բոլոր բարիք ցանկացողներուն, խնդրեց Աստուծմէ, որ Վեհափառ Հայրապետին պարգեւէ երկար գահակալութիւն եւ մաղթեց, որ անոր մականը ըլլայ ծաղկուն:
Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, որ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համապարփակ ծառայութեան` շեշտելով, որ ժողովուրդը մեծ ակնկալութիւններ ունի Կիլիկիոյ Ս. Աթոռէն: Անոր համաձայն, Անթիլիասը միայն վայր չէ, այլ ժողովուրդին մատուցուող ծառայութեան կեդրոն, ինչ որ կը կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին նպատակը, մեծութիւնը եւ հզօրութիւնը: «Մեր եկեղեցին ազգին եկեղեցին է, մեր կեանքին լուսանցքին վրայ հոգեւոր կառոյց մը չէ, պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ մեր եկեղեցին ժողովուրդին հետ նոյնացաւ եւ ժողովուրդին եկեղեցին դարձաւ, հետեւաբար մեր ժողովուրդի տագնապները նաեւ եկեղեցւոյ տագնապներն են: Մեր Աթոռը այս գիտակցութեամբ կը գործէ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ապա յայտնեց, որ Լիբանանի հայութիւնը միշտ նկատուած է Սփիւռքի սիրտը եւ այդպէս պէտք է մնայ: Չի բաւեր միայն անցեալով հպարտանալ: Լիբանանի հայութիւնը նոր կենսունակութիւն, նոր աշխուժացում եւ կազմակերպուածութիւն պէտք է տայ ինքնիրեն: Արամ Ա. Կաթողիկոս պատգամեց մարդ պատրաստել: Ան ըսաւ. «Մեր կառոյցներուն մէջ պիտի պատրաստենք ամէն տեսակ մարդ, որ կարենան մեր կազմակերպչական կեանքին մասնակցիլ, մեր հայրենիքին, Արցախին եւ մեր դատին համար աշխատիլ»: Ապա խօսքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց Աստուծոյ օրհնութիւնը` միասնաբար շարունակելու մեր հաւաքական ճամբան, որ Լիբանանի հայութիւնը մնայ կանգուն, զօրեղ եւ կենսունակ:
Սիրոյ սեղանի փակումը կատարեց Գէորգ Գատեհճեան` մեկնաբանելով օրհներգ մը` նուիրուած Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: