ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՄԱՆ ԶՈՅԳ ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ

Առնուած «Ազդակ» Օրաթերթէն
 
 
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին եւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի բացման առիթներով, տեղի ունեցաւ պաշտօնական կալա-ընթրիք մը, Ուրբաթ, 25 Նոյեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Փաւիյոն Ռոյալ-Պիել»-ի մէջ` ներկայութեամբ ազգային, կրօնական, քաղաքական պատասխանատուներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ բարեկամներու:
 
 
Կազմակերպուած ձեռնարկը անգամ մը եւս ապացուցեց լիբանանահայ գաղութի յանձնառութիւնը, պատասխանատու մօտեցումը եւ անշահախնդիր նուիրումը ի խնդիր նոր սերունդի կրթական կեանքի վերելքին եւ հայ առողջ մտքի ու հոգիի զարգացման: Լիբանանահայ գաղութի ներկայացուցիչները միշտ ալ հաւատացած են, որ լուսաւոր ապագայ մը կերտելու համար անհրաժեշտ է նեցուկ ու զօրավիգ կանգնիլ բոլոր ծրագիրներու յաջողութեան, գործունէութիւններու իրականացման եւ յաջող ընթացքի հետապնդման:
 
 
Ճաշկերոյթը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային Միացեալ Վարժարանի տնօրէն Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեան, որ լուսարձակի տակ առաւ գաղութներու կազմաւորման ընթացքին հայկական դպրոցներու կառուցումը` այն ամբողջական գիտակցութեամբ, որ ազգի գոյատեւման եւ սերունդներու հայեցի դիմագիծով օժտման մէջ վարժարանին դերը անփոխարինելի է ու անգնահատելի: Առ այդ, դիտել տուաւ տնօրէնը, մեր պապերը լծուեցան եկեղեցւոյ կողքին դպրոցներու կերտման, ինչ որ կարելի եղաւ բարերարներու նեցուկին շնորհիւ: Յիշելով, որ 2016 թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած է «Ծառայութեան» տարի` Թ. Մարտիրոսեան լուսարձակի տակ առաւ անհրաժեշտութիւնը առաւել մեծ նուրիրումով լծուելու ծառայութեան վսեմ գործին: Ան շեշտեց, որ պատմութիւնը պիտի յիշէ տուողը, նուիրողը, բարի ու վսեմ գործ կատարողը, իսկ փառքի եւ նիւթի հետապնդումով կեանք ապրած անձեր պիտի մնան լուսանցքի վրայ: Ըստ Ազգային Միացեալ Վարժարանի տնօրէնին, պիտի յիշուին եւ յարգուին անոնք, որոնք ոչինչ խնայած են ի խնդիր գերագոյն արժէքներու կենսագործման եւ յարատեւութեան:
 
 
Ապա Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեան անդրադարձաւ լիբանանեան տնտեսական եւ ընկերային այս անձուկ ու դժուարին վիճակին մէջ միս ու ոսկոր ստացած եւ Պուրճ Համուտի մէջ կանգնած Ազգային Միացեալ Վարժարանին` հաստատելով, որ անոր երթը ընթացք պիտի առնէ ու շարունակուի շնորհիւ հայկական վարժարանին նկատմամբ հաւատք ունեցող բարերարներուն, որոնք կը հանդիսանան հայ դպրոցին մեծ ու հարազատ ընտանիքը, ամուր սիւնը: Աւարտին, տնօրէնը հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի հայկականութեամբ տոգորուած բարձրորակ ուսման տէր սերունդներու կերտման ի խնդիր:
Ապա խօսք առաւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի հանգանակիչ յանձնախումբի նախագահ, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան։ Ան նախ շնորհաւորեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 20-ամեակը։ Ապա խօսելով Ազգային Միացեալ Վարժարանի իրագործման համար տարուած աշխատանքներուն, ան դիտել տուաւ, որ բազմաթիւ անձեր նուիրումով գործեցին` տրամադրելով ժամանակ, փորձառութիւն, ճիգ, խորհուրդ ու ճաշակ: Այս առիթով Վրէժ Սապունճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին, որ երազը իրականութիւն դառնայ` յատուկ կերպով յիշելով Վեհափառ Հայրապետը, Առաջնորդ Սրբազանը եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը: Անոր համաձայն, թէեւ դիւրին չէր նման դժուար պայմաններու տակ կեանքի կոչել նման նախաձեռնութիւն մը, սակայն ոչինչ անկարելի է, երբ կայ կամքն ու կորովը, կայ հաւատքը եւ նուիրումը: Վ. Սապունճեան յիշեց, որ այս ճաշկերոյթէն առաջ Ազգային Միացեալ Վարժարանին մէջ արդէն բարերարներու հետ կատարուած են փոքր հանդիպումներ` շեշտելով, որ այս դպրոցը կառուցուած է, որպէսզի անոր երդիքին տակ ապագային կերտուին իբրեւ մարդ ու հայ կուռօրէն կազմաւորուած սերունդներ:
 
 
Խօսք առաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ խօսքը պէտք է միշտ համալրուի կենդանի գործով, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն ազգայիններուն, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են ու կը շարունակեն յայտնել Ազգային Միացեալ Վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն` նեցուկ ու զօրավիգ կանգնելով անոր:
 
 
Յ. Հաւաթեան հաստատեց, որ Ազգային Միացեալ Վարժարանը պիտի յաջողի: «Մենք վճռած ենք այս դպրոցը վերածել ճառագայթող կառոյցի: Վարժարանին յաջողութիւնը կը կայանայ գաղութի գիտակից հայորդիներուն աջակցութեան մէջ` ի խնդիր կրթական լուսաւոր ապագայի», ընդգծեց Հաւաթեան:
 
 
Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի հայ գաղութը լիովին կենսունակ է, կը շարունակէ իր աւանդութիւնները, իր ազգային եւ կրթական գործունէութիւններու զարգացումը` յաջակցութիւն Ազգային Միացեալ Վարժարանի յաջողութեան:
 
 
Ան իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ նշեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գործունէութեան երկու կարեւոր հանգամանքները, մէկը` Նորին Սրբութեան ներդրումն է միջազգային մակարդակով աստուածաբանական երկխօսութեան մէջ եւ անոր մասնակցութիւնն ու հեղինակութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին մէջ, իսկ երկրորդը` Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակը, որ կը համընկնի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի 25 տարիներու անկախութեան, ժամանակաշրջան մը, որուն ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս իր աջակցութեամբ, գործնական խորհուրդներով նեցուկ կանգնած է զոյգ հանրապետութիւններուն, մշտապէս կապ հաստատելով աջակցած է կողմնորոշուելու դժուարին վիճակներու ընթացքին:
 
 
Դեսպան Մկրտչեան Հայաստանի Հանրապետութեան անունով մաղթեց, որ հայ ազգային ոգին մշտապէս թեւածէ հայ ժողովուրդին ու հայ կառոյցներուն վերեւ, պահպանէ զանոնք ու տանի դէպի յետագայ զարգացում:
 
 
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, որ ուրախալի եւ հպարտալի նկատեց զոյգ առիթներով` Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակի եւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի պաշտօնական բացման, տեղի ունեցած այս հաւաքը։ Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Ազգային Միացեալ Վարժարանին նկատմամբ հաւատք ունեցողներուն կողքին կան նաեւ երկչոտներ եւ կասկածամիտներ, որոնց պատասխանելով ան ըսաւ, որ նոր դպրոցը հաւատքի խոյանք է, այսօրուան շարունակութիւնը երաշխաւորողը, արգասիքը մեր հաւատքին ու ճակտի քրտինքին, անոր նկատմամբ մեր հաւատքը անսահման է: Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց, որ մահուան բովէն անցած հայութիւնը կրցաւ վերապրիլ եւ յաղթահարել ամէն տեսակ դժուարութիւն, խոյանալ վեր եւ կերտել ապագայ, իսկ այսօր եւս լիբանանահայութիւնը կոչուած է ըլլալու հաւատարիմ ժառանգորդը Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդին եւ գործելու այնպէս, որ հայկական վարժարանը ըլլայ այն անխախտ խարիսխը, որուն վրայ պիտի կերտուին ապագայ սերունդները: Ան յոյս յայտնեց, որ վարժարանը պարուրուի սիրով եւ զօրակցութեան ոգիով, որպէսզի մեր զաւակներուն մէջ կարելի ըլլայ կերտել ազգին ոգին:
 
 
Շահէ Եպս. Փանոսեան անդրադարձաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին` հաստատելով, որ ան իր մտքի ու հոգիի դրոշմով ներկայ է ո՛չ միայն մեր ներկայ իրականութեան մէջ, այլ նաեւ իբրեւ ծառայութեան ու նուիրումի գերազանց օրինակ հանդէս պիտի գայ ապագայ սերունդներուն մտապատկերին վրայ, որովհետեւ անոր կեանքը եղած է նուիրականութեան եւ ծառայութեան օրինակ:
 
Լիբանանի Հայոց Թեմին անունով Առաջնորդ Սրբազանը Արամ Ա. Կաթողիկոսին մաղթեց 20-ամեակէն անդին ալ մնայուն վերելք, նորանոր ձեռքբերումներ ու իրագործումներ, նոր թափ` յառաջ տանելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ հաստատ ու լաւատես կերպով ընթանալով դէպի վերելք, Արամ Ա. Կաթողիկոս հայ ժողովուրդը եւս առաջնորդէ դէպի լուսաշող ապագայ:
 
Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ շեշտը դրաւ նուիրելու, ընծայաբերելու կարեւորութեան վրայ` վերյիշելով այն, որ երբ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը հասաւ Լիբանան, իր ճակտի քրտինքէն ու դժնդակ պայմաններու մէջ շահած գումարէն լումայ-լումայ հաւաքեց ու կերտեց եկեղեցի, դպրոց, ակումբ: Ան յայտնեց, որ այսօր պայմանները փոխուած են, ժամանակը հասած է, որ եկեղեցականներ եւ կրթական պատասխանատուներ մուրացկանի դերին մէջ չըլլան երբեք, այլ լիովին լծուին իրենց առաքելութեան, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ պահել դպրոցը, եկեղեցին ու հայ ազգը: Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ Պուրճ Համուտի սրտին վրայ, Սփիւռքի մայրաքաղաքին մէջ գտնուող Ազգային Միացեալ Վարժարանին նկատմամբ պէտք է վերաբերիլ այնպէս, որ անիկա համայն հայութեան հայակերտման ամրոցն է անխտիր, ուստի բոլորին պարտքն է նեցուկ կանգնիլ անոր բարեյաջող երթին` փաստելով, որ Լիբանանի հայութիւնը տակաւին Սփիւռքի սիրտը ըլլալու հանգամանքին արժանի է:
 
 
Անդրադառնալով օր մը առաջ Պուրճ Համուտ կատարած իր այցելութեան` Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, որ ազգային տարբեր կառոյցներու մէջ նկատած է, թէ կը տարուի կամաւոր աշխատանք, ինչ որ ինքնին կոչում է:
 
 
Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ ուսման եւ դաստիարակութեան միջեւ մեծ տարբերութիւն կայ, ուսումը կարելի է գտնել ամէնուրեք, սակայն հայեցի դաստիարակութիւնը եւ հայակերտումը ամէն տեղ չկան, կան միայն հայկական վարժարանի երդիքին տակ, որուն սատարելու պարտաւորութիւնը պէտք է զգայ իւրաքանչիւր հայորդի: Ան նշեց, որ Ազգային Միացեալ Վարժարանի շէնքը արդէն ամբողջացած է, կը մնայ շունչ տալ անոր, կեանքով լեցնել, մեր զաւակներուն ներկայութեամբ ծաղկեցնել` աւելցնելով, թէ իր սպասումն է, որ բոլորը շրջապատեն Վարժարանը, քաջալեր ու նեցուկ հանդիսանան, որպէսզի անիկա իր երթը սկսի հաստատ ու ինքնավստահ քայլերով: Իր խօսքի աւարտին ան գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք աշխատեցան այս դպրոցին համար:
 
 
Ձեռնարկի ընթացքին Ազգային Միացեալ Վարժարանին ի նպաստ հանգանակութիւն կատարուեցաւ, գոյացնելով 3 միլիոն 221 հազար Ամերիկեան Տոլար։ Հրայր Սարգիսեան սոյն հանգանակութեան մասնակից դարձաւ 1.5 միլիոն Ամերիկեան Տոլարով։
 
 
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Հրաչ Իսահակեան եւ իր խումբը, որոնք ներկայացուցին հայ երաժշտական կտորներ: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Րաֆֆի Մանտալեան` մեկնաբանելով հայ երաժշտական կտորներ: