Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ

Առնուած «Ազդակ» Օրաթերթէն
 
Աննախընթաց Խանդավառութեան Մթնոլորտի Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային, Կուսակցական, Կրթական, Մշակութային Եւ Բարեսիրական Հաստատութիւնները
 
 
 
Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2016-ը նշանակալից եւ պատմական թուական մը պիտի մնայ լիբանանահայութեան յիշողութեան ու պատմութեան մէջ: Արդարեւ, երէկ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ամբողջ օրուան տեւողութեան իրերայաջորդ այցելութիւններ կատարեց Պուրճ Համուտի հայկական ազգային կառոյցներ, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան եւ իր ներկայութեամբ ու փոխանցած խօսքերով նշեալ կառոյցներու ղեկավարներն ու անձնակազմերը խրախուսեց յաւելեալ աշխատանքի, նուիրումի եւ ծառայութեան, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց` մնայուն զարգացման ու վերելքի:
 
 
Նորին Սրբութիւնը պուրճհամուտեան իր շրջապտոյտը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին` այցելելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն, ուր ողջոյնի խօսք արտասանեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, որ շրջանը նկատեց հաւատացեալ եւ ազգասէր հայու օճախ, ուր կը պահուին ազգն ու եկեղեցին: Ան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտը եղած է ու պիտի շարունակէ մնալ սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտը, ուր կան ազգային եւ եկեղեցական հիմնական կառոյցները` աւելցնելով, որ անիկա կը մնայ Վեհափառ Հայրապետին հոգեհարազատ շրջանը: Քաղաքապետը վերյիշեց պատերազմի տարիները, երբ Արամ Ա. կաթողիկոս Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ էր եւ լիբանանահայութեան հետ դիմագրաւեց այդ դժուար օրերը` մնալով անոր կողքին, իսկ այսօր իբրեւ Կաթողիկոս ան կը շարունակէ մնալ մղիչ ուժը իրերայաջորդ սերունդներու:
 
 
Պուրճ Համուտը լաւ ճանչցած ըլլալու եւ Պուրճ Համուտի կողմէ լաւապէս ճանչցուած ըլլալու հանգամանքը լուսարձակի տակ առնելով` Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ անիկա Սփիւռքի հայութեան մայրաքաղաքը ըլլալու իւրայատկութեամբ ճանչցուած է` հանդիսանալով բոլորին պարծանք առթող տարածքը: Ան շեշտեց կառչելու Պուրճ Համուտին ամէն իմաստով՝ անոր բարգաւաճման եւ զարգացման նպաստելու, ինչպէս նաեւ անոր հայեցի դիմագիծը պահպանելու՝ աւելցնելով, որ այդ յանձնառութիւնը նկատելի է:
 
 
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութենէն Վեհափառ Հայրապետն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը ուղղուեցան Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճ։ Դպրոցի մուտքին ան դիմաւորուեցաւ աշակերտներուն եւ շրջանի ազգային վարժարաններու տնօրէններուն կողմէ: Կիլիկիոյ եւ Եռագոյն դրօշներ բարձրացուցած աշակերտներուն ընդունելութիւնը յատկանշական էր, իսկ պատկերը` խորհրդաւոր:
Քոլեճի սրահին մէջ համախմբուած էին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան, Ս. Քառասնից Մանկանց, Աբգարեան եւ Աքսոր Գասարճեան վարժարաններու աշակերտները:
 
 
Խօսք առաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, որ Պուրճ Համուտի եւ հոն գործող հայկական կառոյցներուն նկատմամբ Նորին Սրբութեան տածած հետաքրքրութիւնն ու գուրգուրանքը լուսարձակի տակ առնելով` հաստատեց, որ գահակալութեան 20 տարիներուն Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիսացած է գլխաւոր ուղեցոյցը հայկական դպրոցներու կրթական առաքելութեան: Ան յիշեց, որ Խորէն Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուած է Քոլեճի հանդիսաւոր բացումին, իսկ ահա 52 տարի ետք Արամ Ա. Կաթողիկոս կ’այցելէ այդ կառոյցը, որ տուած է 1280 շրջանաւարտ, որոնք իսկապէս պատիւ կը բերեն հայութեան:
 
 
Շնորհաւորելով Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակը` Վիգէն Աւագեան շեշտեց, որ Վեհափառ Հայրապետին ծառայական կեանքը ո՛չ միայն հպարտութիւն կը ներշնչէ, այլ նաեւ օրինակ է իրերայաջորդ սերունդներու, որովհետեւ անիկա լի է կեանքի արժէքներուն կառչածութեամբ եւ այն նախանձախնդրութեամբ, որ ազգ, եկեղեցի, հայրենիք անմասնատելի երրորդութիւնը պէտք է առյաւէտ պահպանուի:
 
 
Ապա Վիգէն Աւագեան Արամ Ա. Կաթողիկոսին յանձնեց Քոլեճի 50-ամեակի յուշամատեանը: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական տպաւորիչ եւ իմաստալից յայտագիր մը:
 
 
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, որ դրուատեց հայ դաստիարակին քրտինքով կերտուած սերունդները` հաստատելով, որ Վեհափառ Հայրապետին այս այցելութիւնը պիտի ըլլայ նաեւ դէպի Ազգային Միացեալ Վարժարան փոխադրութեան պաշտօնական հրաւէրի շարժառիթ:
 
 
Աշակերտներուն իր սրտի խօսքը ուղղեց Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ հայութեան համար Պուրճ Համուտի կարեւորութիւնը շեշտեց` ուրախութիւն յայտնելով, որ ինք շրջան կ’այցելէ: Յիշելով, որ 17 տարի Պուրճ Համուտի մէջ ապրած է, պատերազմի ծանր տարիներուն, ան հաստատեց, որ հակառակ ամէն ինչի հայկական կառոյցները պահուեցան ու գոյատեւեցին: «Մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքն է Պուրճ Համուտը, այդ կեանքին մէջ կարեւոր են հայկական եկեղեցին ու դպրոցը», հաստատեց Վեհափառ Հայրապետը` աւելցնելով, որ եկեղեցին սրբավայր է, իսկ դպրոցին մէջ կայ նահատակներու, սուրբերու, հերոսներու ներկայութիւնն ու պատգամը: Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեց այն, որ իր մանկութեան օրերուն հայկական դպրոց կը յաճախէր, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններու` կոչ ուղղելով այսօր եւս կառչիլ հայկական վարժարանին եւ յառաջիկայ տարի միասնաբար ուղղուիլ Ազգային Միացեալ Վարժարան:
 
 
Նորին Սրբութեան յաջորդ կանգառը Լ.Օ.Խ.-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնն էր, ուր բարի գալուստի խօսք արտասանեց Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան, որ մեծ պատիւ եւ երջանկութիւն նկատեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին այս այցելութիւնը: Ան յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը խթանիչ ուժ կը հանդիսանայ բոլորին` յաւելեալ թափով շարունակելու իրենց ծառայասիրական առաքելութիւնը:
 
 
Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց ոչ միայն խօսքով, այլ բառին ամբողջական իմաստով ծառայութեան լծուած այս նուիրական կառոյցը` Լ.Օ.Խ.-ի գործունէութիւնը նկատելով անանձնական եւ վեհ: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ միութիւնը իր մասնաճիւղերով եւ կեդրոններով անփոխարինելի դերակատարութիւն ունեցած է լիբանանահայութեան կեանքին մէջ` յատկապէս ամէնէն դժուար փուլերուն: Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս նշեց, որ անցնող տարիներուն Լ.Օ.Խ.-ը նաեւ նեցուկ եւ ապաւէն եղաւ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն` կոչ ուղղելով նոյն ոգիով ու վճռականութեամբ շարունակելու այս միութեան նուիրական աշխատանքը: Այցելութեան աւարտին Նորին Սրբութեան յանձնուեցաւ ձեռագործ խաչ մը:
 
 
Ապա Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Վահան Թէքէեան Վարժարան, ուր տնօրէն Կալինա Շեմեմեան-Նաճարեան արտասանեց բարի գալուստի խօսք` հաստատելով, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս շէնցուց Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռը, միութեան գաղափարախօսութեամբ զօրացուց հոգեւոր կեանքը` եկեղեցին նոյնացնելով ժողովուրդի ցաւին ու տառապանքին: Ան դիտել տուաւ, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսի 20-ամեայ վաստակը այսօր կը ջերմացնէ հայութեան կեանքը, ինչպէս նաեւ արտաքին մակարդակի վրայ կը հանդիսանայ Հայ Դատի հետապնդման առանցքներէն:
 
 
Կ. Շեմեմեան-Նաճարեան անդրադարձաւ հայ դպրոցի կարեւորութեան եւ այդտեղ ջամբուող հայեցի դաստիարակութեան` շեշտելով, որ վարժարանին մէջ նաեւ կը փոխանցուի գիտութիւն, մշակոյթի պատմութիւն եւ ամէն ինչ, որ հայ աշակերտը կը պատրաստէ ուղղուելու դէպի ապագայ: Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Յովիկ Վարդանեան Վեհափառ Հայրապետին յուշանուէր մը յանձնեց:
 
 
Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ հայ դպրոցը իսկական հայ երդիք է, որուն տակ հայ աշակերտը ամէն ինչ կը սորվի, եւ որ կը տանի հայակերտումի ու մարդակերտումի սրբազան առաքելութիւն, զոր կատարողները հայ ուսուցիչներն են, ուստի պէտք է գնահատել զանոնք ու արժեւորել: Այս առիթով ան դրուատեց բոլոր անոնք, որոնք դպրոցի առաքելութեան եւ գոյատեւման կը սատարեն: Դպրոցի աշակերտներուն կողմէ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
 
 
Ապա Վեհափառ Հայրապետը ուղղուեցաւ Լիբանանի Մարաշի Հայրենակցական Միութեան կեդրոն, որուն «Գերմանիկ» սրահին մէջ մատուցուեցաւ կէսօրուան ճաշը: Ողջոյնի խօսք արտասանեց Միութեան ատենապետ Ժան Մոմճեան, որ նման այցելութիւն մը պատիւ նկատեց` շնորհակալութիւն յայտնելով այդ նախաձեռնութեան համար: Անոր համաձայն, այս այցելութիւնը առաջինը չէ, այլ քսանմէկ տարիներ առաջ Վեհափառ Հայրապետը Մարաշի աղէտի զոհերու յիշատակին մատուցուած հոգեճաշին առիթով եւս իր այցելութեամբ պատուած է Միութիւնը, իսկ այսօր` սփիւռքահայութեան օրրան Պուրճ Համուտ կատարած հովուապետական շրջապտոյտի ծիրին մէջ, գահակալութեան 20-ամեակին առիթով:
 
 
Ժան Մոմճեան յայտնեց, որ նախապէս համեստ պայմաններու մէջ գտնուած սրահը վերածուած է բարեզարդուած շքեղ կառոյցի, որովհետեւ Միութիւնը տարիներու ընթացքին բազմապատկած է իր կարողութիւնը, որպէսզի աւելի մեծ տարողութեամբ օժանդակութիւն ցուցաբերէ հայորդիներուն, աւելցնէ բարեսիրական ազգօգուտ ծառայութիւնները, մանաւանդ կրթական մարզին մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ Աստուած իրենց տայ իր առատ պարգեւները, որպէսզի Միութիւնը կարենայ ձեռք երկարել հայ չքաւոր աշակերտին եւ կրթական հաստատութիւններուն:
 
 
Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Լիբանանի Մարաշի Հայրենակցական Միութեան աշխատանքը` կորով եւ յարատեւութիւն մաղթելով: Միութեան ատենապետ Ժան Մոմճեան Վեհափառ Հայրապետին նուիրեց յուշանուէր մը:
 
 
Արամ Ա. Կաթողիկոսի յաջորդ կանգառը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան կեդրոնատեղին էր, ուր խօսք առաւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ միութեան 26 հազար անդամներուն համար այդ այցելութիւնը նկատեց հպարտութեան առիթ, մանաւանդ որ Արամ Ա. կաթողիկոսը իւրայատուկ տեղ ունի Միութեան սրտին մէջ: Ան ըսաւ, որ կեդրոնը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ գործող մասնաճիւղերու միացման կէտ կը հանդիսանայ` հաստատելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ. չի կրնար ինքզինք պատկերացնել առանց իր շարքերու ազգային-կրօնական դիմագիծին, այդ պատճառով ալ յաջորդական սերունդներ յատուկ յարգանք ունեցած են վեհափառ հայրապետներուն նկատմամբ: Գ. Մկրտիչեան ըսաւ, որ Միութիւնը տակաւին շատ բան ունի տալիք հայ ժողովուրդի նորահաս զաւակներուն, որոնք պիտի երաշխաւորեն հայութեան, Հայաստանի եւ հայ եկեղեցւոյ լուսաւոր ապագան:
 
 
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հ.Մ.Ը.Մ.-ը նկատեց իր առաքելութեան հաւատարիմ կառոյց, որուն առաքելութեան մասնակցիլ կը նշանակէ մասնակից դառնալ ազգային առաքելութեան` իր ուրախութիւն յայտնելով, որ Միութիւնը առաւել եւս կ’ընդարձակուի: Ան հաստատեց, որ Միութիւնը սիրելի եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար, որովհետեւ Հայրապետական Ս. Աթոռը խորապէս կը հաւատայ Միութեան առաքելութեան եւ բարձր կը գնահատէ զայն: Վեհափառ Հայրապետը քաջալերեց, որ Միութիւնը իր առաքելութիւնը առաւել աշխուժութեամբ տանի հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս` հաստատելով, որ Կաթողիկոսութիւնը միշտ պիտի ըլլայ Միութեան զօրակից եւ նեցուկ: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին անունով Նորին Սրբութեան յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:
 
 
Ապա Արամ Ա. Կաթողիկոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի կեդրոնատեղի, ուր տնօրէն Փոլին Սաղրեան յիշեց, թէ առաջնորդութեան տարիներուն Վեհափառ Հայրապետը առնչակից եղած է Կեդրոնի գործունէութեան, ուստի լաւապէս կը գիտակցի անոր ունեցած կշիռին: Ան վերստին յիշեց Կեդրոնին տարած աշխատանքը` նշելով, որ այս տարի կը տօնուի անոր 50-ամեակը: 50 երկար տարիներ, որոնց ընթացքին գործադրուած է Վարդան Ճինիշեանի կտակը` անխտիր ծառայել բոլոր կարիքաւոր հայորդիներուն:
«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկին կողմէ Արամ Ա. Կաթողիկոսին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:
 
 
Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեց «Ճինիշեան»-ի նախկին տնօրէն Հայկ Թիլպեանը, որ ազգանուէր ծառայութիւն մատուցած է` շեշտելով, որ լիբանանահայ միւս բարեսիրական միութիւններուն կողքին «Ճինիշեան»-ը մեծ աւանդ ունեցած է` անխափան ծառայելով հայութեան: Ան ըսաւ, որ Միութեան բարերարները ազգային բարերարներ են` յոյս յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներու կեդրոնէն գիտակցին, որ գաղութները պէտք է ամէն ձեւով պահուին, ուստի պէտք է աւելցնել Լիբանանի «Ճինիշեան» կեդրոնին տրամադրուած նիւթական աջակցութիւնը:
 
 
Վեհափառ Հայրապետը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը այդտեղէն ուղղուեցան «Գարակէօզեան» հաստատութիւն, ուր առաջին խօսք առնողը եղաւ Հաստատութեան Լիբանանի Խորհրդատու մարմինի ատենապետ Կարպիս Մարգարեան, որուն համաձայն, թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ այսօր Կեդրոնը միշտ սրտբաց ընդունած է ազգի զաւակները` անդրադառնալով գործունէութեան դաշտի ընդարձակման: Ան աւելցուց, որ Կեդրոնը նաեւ կը ծառայէ տեղացիներուն եւ այլ ազգի զաւակներուն անխտիր:
 
 
«Գարակէօզեան»-ի տնօրէն Սերոբ Օհանեան, ողջունելէ ետք Նորին Սրբութեան ներկայութիւնը Կեդրոնէն ներս, անդրադարձաւ տարուած աշխատանքի տարբեր մարզերուն, պաշտօնէութեան նուիրական աշխատանքին, հայկական այլ բարեսիրական միութիւններու եւ Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակին հետ համագործակցութեամբ յառաջ տարուող գործունէութեան: Ան խօսեցաւ նաեւ ապագայի ծրագիրներուն մասին` շնորհակալութիւն յայտնելով Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան, տուած ուղղութիւններուն եւ օրհնութեան համար:
 
 
Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ բարերարութեամբ անմահանալու երեւոյթին մասին` շեշտելով, որ հայութեան կեանքին մէջ նման պարագաներ եղած են, եւ նմաններ իրենց դրոշմը ձգած են իրենց բարերարութեամբ: Ան դիտել տուաւ, որ բարեսիրական կեդրոններու հիմնական գրասենեակները պէտք է լաւապէս գիտակցին, որ Միջին Արեւելքի գաղութներու պահպանումը շատ կարեւոր է հայութեան համար, եւ անոնց առողջ կազմակերպման մէջ բարեսիրական միութիւնները կարեւոր դեր ունին:
 
 
Ապա Արամ Ա. Կաթողիկոս «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, շրջագայեցաւ տարբեր բաժանմունքներուն մէջ եւ ծանօթացաւ տարուած աշխատանքին, «Վանայ ձայն»-էն տուաւ ուղղակիօրէն սփռուած հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին արտայայտեց Պուրճ Համուտ տուած իր այցելութեան տպաւորութիւնները, շեշտը դրաւ հայկական դիմագիծի պահպանման վրայ, խօսեցաւ ապագայի հեռանկարներուն մասին` շեշտելով, որ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը չ’արժեւորուիր անձերով, այլ՝ տարուած գործունէութեամբ: Ան դրուատեց «Վանայ ձայն»-ի աշխատանքը, որ իսկական առաքելութիւն է, լսելի է ամէնուրեք, ուստի պէտք է շարունակէ այս աշխատանքը եւ զարգացնէ զայն:
 
 
«Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն հետ: Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը` շեշտելով, որ Կուսակցութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ միշտ նկատելի եղած է առկայութիւնը զիրար զօրացնող երկու հսկայ հաստատութիւններու, երկու զօրաւոր հիմերու: Ան հաստատեց, որ առանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Դաշնակցութեան սփիւռքահայութիւնը պիտի չըլլար այն, ինչ որ է այսօր` այս բոլորին հիմքը նկատելով առկայ համագործակցութիւնը: Անոր համաձայն, կարելի է ըսել, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսին 20 տարիէ ի վեր բարձրացուցած դրօշակը ո՛չ միայն կրօնական-եկեղեցական մարզին մէջ է, այլ նաեւ մեր ազգային հարցերու հետապնդման՝ արեւմտահայերէնէն մինչեւ հայեցի դիմագիծի պահպանման, Հայ դատի հետապնդման, այս առիթով եղած նախաձեռնութիւններուն զօրակցութիւն, ներկայութիւն, գործօն մասնակցութիւն ցուցաբերման, Սիսի Կաթողիկոսարանի վերատիրացման համար բացուած դատի. գործունէութեան ընդարձակ դաշտ է, որ կը կատարուի Արամ Ա. Կաթողիկոսի առաջնորդութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, եւ որուն մէջ իւրաքանչիւր հայ, նաեւ դաշնակցական պէտք է ունենայ իր ներդրումը եւ զօրակցութիւնը` մնայուն գործակցութեամբ: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողքին է:
 
 
Դաշնակցական գործիչ, մտաւորական Երուանդ Փամպուքեան այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ ծանր պարտականութիւն է Կաթողիկոսութիւնը: Ան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ ջամբուած առաքելութեան` դիտել տալով, որ այսօր ի սփիւռս աշխարհի առաջին կարգի վրայ աշխատանքի լծուածները լիբանանահայեր են, որոնք հասակ նետած ու կազմաւորուած են այս գաղութին մէջ: Ասկէ մեկնած` ան կարեւոր նկատեց պահպանել այն կառոյցները, որոնք մարդ ու հայ կազմաւորելու ծառայած են, մարդուժ պատրաստած ամբողջ Սփիւռքի հայութեան համար: Փամպուքեան դիտել տուաւ, որ պատերազմական տարիներուն թերեւս այս իմաստով թերացում եւ նահանջ արձանագրուեցաւ, սակայն այսօր պէտք է վերստին գիտակցիլ լիբանանահայութեան ուսերուն դրուած այդ պարտականութեան ու ըստ այնմ գործել: Ան շեշտեց, որ պէտք չէ ակնկալել Հայաստանէն եւ Հայաստանէն գաղթողներէն ներուժ եւ մարդուժ ստանալ:
 
 
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ երկար տարիներէ ի վեր` 1956-էն, Դաշնակցութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ գործակցութեան, որ կը ծառայէ հայութեան գերագոյն շահերուն, որովհետեւ այս երկու կառոյցները` քաղաքական եւ կրօնական, ամբողջականօրէն եւ միշտ յանձնառու եղած են հայրենիքին, ժողովուրդին, պահանջատիրութեան առնչուած ընդհանրական եւ գերագոյն շահերուն: Ան հաստատեց, որ այս գործակցութիւնը պիտի շարունակուի` ի սէր Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հզօրացման եւ մեր ազգային պահանջատիրութեան հետապնդման` հաւատարմութեամբ շարունակելով նախնիներուն գծած ճամբան: Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ այսօր աւելի քան երբեք կարիք կայ այդ համագործակցութեան` ի խնդիր թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի գաղութներուն: Ան մեծ իրագործում նկատեց Ազգային Միացեալ Վարժարանի բացումը` կարեւոր սեպելով զայն շնչաւորել հայ աշակերտութեամբ, ինչ որ կարելի պիտի ըլլայ միասնական աշխատանքով: Վեհափառ Հայրապետը անհրաժեշտ նկատեց Սփիւռքի հայութեան սիրտը եղող լիբանանահայ գաղութի հզօրացումը եւ Լիբանանի մէջ մեր կազմակերպուածութեամբ եւ կեցուածքով իբրեւ զօրեղ համայնք ներկայանալը` հաստատելով, որ այս առումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մի՛շտ նեցուկ կանգնած է, եւ դիտել տալով, որ իւրաքանչիւր կառոյց ընելիք ունի այս նպատակներու իրականացման համար` յիշեցնելով, որ Հ.Յ.Դ.-ն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պահեցին Եռագոյնն ու ամբողջական Հայաստանի տեսլականը:
 
 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան` Սփիւռքի հայութեան հոգեւոր կեդրոնին առաքելութեան եւ տարած գործունէութեան մասին խօսելով` Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, որ բազում մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած է Հայրապետական Ս. Աթոռը, սակայն ծառայութեամբ կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել ամէն մարտահրաւէր` միշտ Դաշնակցութեան հետ գործակցաբար:
 
 
Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց նաեւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն:
 
 
Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան վերջին կանգառը հանդիսացաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն, որուն մուտքին դիմաւորուեցաւ տհոլի համոյթին կողմէ: «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն, որուն բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու ընդհանուր տնօրէն Յակոբ Հանտեան, որ անդրադարձաւ շէնքի կերտումին, հակառակ օրին տիրող դժուար պայմաններուն` դիտել տալով, որ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները այսօր եւս կարեւոր առաքելութեան լծուած են մշակոյթի պահպանման, նոր սերունդներու փոխանցման եւ արուեստի տարբեր մարզերու ուսուցման առումով, եւ ասոր իբրեւ արդիւնք այսօր կան մեծ թիւով արուեստագէտներ, նոյնիսկ մասնագէտներ: Ան հաստատեց, որ կեդրոնը միշտ պիտի գործէ լաւէն դէպի աւելի լաւ, պիտի շնչէ հայ արուեստով եւ հայ մշակոյթի ճառագայթումը հանդիսանայ:
 
 
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Պետիկ Ծառուկեան, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Համազգայինի այս կառոյցին մէջ հասակ առին ու պիտի շարունակեն թրծուիլ հայ մանուկներ` երաժշտութեան, կերպարուեստի, պարի, թատրոնի եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի հնոցին մէջ: Ան շեշտեց, որ այսօր աւելի քան երբեք կարիք ունինք հոգեւոր, կրթական եւ ազգային կեանքի վերանորոգման ու ծաղկումին, իսկ Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցելութիւնը նոր շունչ ու թարմութիւն պիտի բերէ Համազգայինի մեծ ընտանիքին: Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ Համազգայինը պիտի շարունակէ աւանդները պահպանելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու առաքելութիւնը:
 
 
Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց, որ Համազգայինը իր կառոյցներով տարիներ շարունակ վառ պահած է մշակութային արժէքները, որոնցմով կ’ապրի ժողովուրդ մը: Այս առումով Վեհափառ Հայրապետը շատ կարեւոր նկատեց «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը, որուն յարկին տակ մշակութային արժէքներ կերտող նոր ստեղծագործողներ պիտի ծնին, մշակութային մարզերը պիտի զարգացնեն: Ան ուրախութիւն յայտնեց ի տես կեդրոնին ճամբով տարուած առանցքային գործունէութեան եւ բազմաճիւղ աշխատանքներուն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը յայտնելով Համազգայինի ծաւալած սրբազան առաքելութեան:
 
 
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` դաշնակ-ջութակ զուգանուագ եւ դաշնակի մենանուագ: Աւարտին Համազգայինի անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին: