20 November, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

«ԱՅՍՕՐ ԲՈԼՈՐՍ՝ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ ԹԷ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՆ ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԵՐՏԵՆՔ ՄԵՐ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ» Պատգամեց Արամ Ա․ Կաթողիկոս

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով, Կիրակի, 20 նոյեմբեր 2016-ին, Ս․ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ ու «Հայրապետական մաղթանք», ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեանի, լիբանանահայ կուսակցութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, ազգային երեսփոխաններու, Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ մեծաթիւ ժողովրդային բազմութեան։ Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները եւ Ազգային Ս․ Խանամիրեան քոլեճի աշակերտները եւ կատարուեցաւ աղի ու հացի աւանդական օրհնութիւն։

 

Ս․ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Ս․ Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Եպս. Փանոսեան։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեանի։

 

Հայրապետական մաղթանքի կատարումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելէ ետք Նորին Սրբութեան 20-ամեակը, հրաւիրեց որ օրուան պատգամը փոխանցէ։ Արամ Ա․ Կաթողիկոս նախ բարձրօրէն գնահատեց Ազգային Առաջնորդարանի բեղուն եւ ճիւղաւորուած գործունէութիւնը՝ համախմբուած Սրբազան Առաջնորդ Շահէ Եպս․ Փանոսեանին եւ Առաջնորդարանի կառոյցներուն շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ մեր եկեղեցին լծուած է մեր ժողովուրդի ծառայութեան, որ եկեղեցւոյ ճամբան է, գոյութեան իրաւունքը եւ սրբազան նպատակը։ Արամ Ա․ Կաթողիկոս ըսաւ․ «Քրիստոս իր առաքեալները ղրկեց աշխարհ իր արժէքները տարածելու, եւ Քրիստոսի գերագոյն արժէքներէն մէկը ծառայութիւնն է։ Քրիստոս ինք դարձաւ մարդկութեան գերագոյն ծառան, եւ նուիրումով ու հաւատարմութեամբ ծառայեց ու նոյնիսկ իր արիւնը թափեց խաչին վրայ»։

 

Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ եկեղեցին իր ճշմարիտ առաքելութեան մէջ կ’ըլլայ, երբ ժողովուրդին ծառայէ, որովհետեւ եկեղեցին վայր չէ, կառոյց չէ, նուիրապետութիւն չէ, այլ՝ առաքելութիւն է մեր ժողովուրդի ծառայութեան ճամբով։ Արամ Ա․ Կաթողիկոս շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս գիտակցութեամբ կը ծառայէ մեր ժողովուրդին, եւ աւելցուց․ «Քրիստոս իր ծառայութեամբ կերտեց իր իշխանութիւնը եւ հեղինակութիւնը, եւ հետեւաբար այսօր բոլորս՝ հոգեւորական թէ աշխարհական, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ անշահախնդիր ծառայութեամբ պէտք է կերտենք մեր հեղինակութիւնը։ Այսօր կ’ողջունեմ մեր Լիբանանի սիրելի զաւակները, եւ որպէս Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը միշտ պէտք է մնանք հմայք, հեղինակութիւն եւ կեցուածք ունեցող համայք»։

 

Նորին Սրբութիւնը շարունակեց. «Աստուածաշունչին մէջ տիրական ներկայութիւն է եւ ցայտուն արժէքներէն մէկն է լոյսը, որ հոմանիշ է աստուածաշնչական արժէքներու՝ յարութեան, ստեղծագործութեան, ճշմարտութեան, կեանքի, այլ խօսքով՝ լոյսը հոմանիշ է Աստուծոյ, եւ լոյսի ներկայութիւնը Աստուծոյ ներկայութիւնն է։ Աստուած ի՛նքն է ճշմարիտ եւ յաւիտենական լոյսը, եւ ով որ կ’ուզէ խաւարէն դուրս գալ, դէպի լոյս պէտք է երթայ, Քրիստոսին պէտք է հետեւի»։

 

Արամ Ա․ Կաթողիկոս շեշտեց, որ հայոց պատմութիւնը ստեղծագործական ու մարտունակ ոգիով ու նահատակութեան ընծայումով մնայուն ճիգ մըն է դէպի աշխարհի ճշմարիտ լոյսը գացող, եւ առանց լոյսի, մեր կեանքը խաւարի մէջ է, ու պիտի կորսնցնէ իր ճշմարիտ իմաստը, արժէքը եւ նպատակը։

 

Պատարագի աւարտին, Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբը միեւնոյն հմայիչ եւ բարձրորակ կատարումով մեկնաբանեց «Հայրապետական մաղթերք»ը եւ «Կիլիկիա»ն։

 

Ապա, Ս․ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Առաջնորդական դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որմէ ետք Վեհափառ Հայրապետը, իրեն ընկերակցող շքախումբը, Առաջնորդ Սրբազանն ու հայրենի երգչախումբի անդամները հանդիսացան ճաշի հիւրը Ս․ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ տիկնանց վարչութեան։

 

Այս առիթով, խօսք առաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Յակոբ Հաւաթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց երգչախումբին, հաստատելով որ անոր մասնակցութիւնը Արամ Ա․ Կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին եւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի բացման հանդիսութեան կու տայ յաւելեալ փայլք, արժէք եւ նշանակութիւն։ Հաւաթեան իր խօսքի աւարտին հաստատեց, որ Ազգային Առաջնորդարանը պիտի շարունակէ անսալ մեր գաղութի կարիքներուն եւ դէմ յանդիման կանգնիլ բոլոր մարտահրաւէրներուն։ Ան Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով մաղթեց արեւշատութիւն, յարատեւ վերելք եւ նորանոր իրագործումներ։

 

Խմբավար Մայէսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային Առաջնորդարանին՝ հիւրընկալութեան համար եւ բարձրօրէն գնահատեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին ազգանուէր եւ բեղուն գործունէութիւնը։

 

Աւարտին, իր հայրական խօսքը փոխանցեց Արամ Ա․ Կաթողիկոս, որ բարձրօրէն գնահատեց Ակադեմական խումբի բարձրորակ կատարումը, մաղթելով, որ խումբը եւ խմբավարը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը ի խնդիր մեր մշակութային ժառանգութեան զարգացման եւ հարստացման։

More News