Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՀԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

 Ուրբաթ, 18 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Զուիցերիոյ Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը՝ Հէրալտ Եպս. Րէյնն ու Փրոֆ. Ուրս Ֆոն Արքսը, որոնք Զուիցերիայէն ժամանած են խորհրդակցութիւններ ունենալու Նորին Սրբութեան հետ։
 
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի իրավիճակն ու շրջանէն ներս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ հայ ու զուիցերիացի ժողովուրդներու յարաբերութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմականը կատարեց, լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Կաթողիկոսութեան ունեցած դերակատարութեան մասին միջ-կրօնական ու միջ-եկեղեցական յարաբերութեան մարզէն ներս, ինչպէս նաեւ հայկական Սփիւռքի գաղութներէն ներս անոր առաքելութեան մասին։ Անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այդ օրերուն զուիցերիացի միսիոնարներուն բերած նպաստին՝ որբահաւաքի եւ մարդասիրական աշխատանքներուն։
 
Հին Կաթոլիկ եկեղեցին մերժելով Վատիկանի Ա. ժողովի որոշումները, 1871 թուականին, բաժնուած է Կաթոլիկ եկեղեցիէն։ Եկեղեցին համայնքներ ունի Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի զանազան երկիրներէն ներս։
 
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։