7 November, 2016

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Քարիֆորնիոյ Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Յանձնախումբի (ՍԱՐՖ) ատենապետ Տիար Րաֆֆի Քէնտիրճեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։
 
Առաջին հերթին ՍԱՐՖ-ի ատենապետը լայն կերպով զեկուցեց մարմինի կատարած աշխատանքներուն ու յատկապէս յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, շեշտելով իրենց ամբողջական յանձնառութիւնը՝ շարունակելու Սուրիոյ հայութեան բարեսիրական օժանդակութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին անդրադարձաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու ներկայ կարիքներուն։
 
Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատաքը յայտնեց ՍԱՐՖ-ի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ մեր այն բոլոր հոգեւոր թէ համայնքային ղեկավարներուն, բարերարներուն ու ազգայիններուն, որոնք իրենց օժանդակութիւնը բերած են եւ կը շարունակեն բերել Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն։ Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը նաեւ գնահատեց Հայաստանի պետութիւնը, եւ Սփիւռքի մեր գաղութները, կազմակերպութիւններն ու ազգայինները, որոնք այս դժուար օրերուն զանազան ձեւերով կը շարունակեն թիկունք կանգնիլ Սուրիոյ հայութեան։

More News