Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ Ն.Վ. ԶՕՐԱՎԱՐ ՄԻՇԷԼ ԱՈՒՆԻ

 
 
Ուրբաթ, 04 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Պաապտայի նախագահական ապարանք եւ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նորընտիր Նախագահ Ն.Վ. Զօր. Միշէլ Աունի հետ։
 
Նորին Սրբութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, թեմերուն ու ժողովական կառոյցներուն անունով եւ անձնապէս ջերմօրէն շնորհաւորեց Զօր. Միշէլ Աունի նախագահ ընտրութիւնը, մաղթելով որ իր ընտրութեամբ՝ ներքին միասնականութեան, տնտեսական զարգացման եւ միջազգային յարաբերութեանց փայլուն նոր էջ մը բացուի Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ։
 
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ քրիստոնէական ներկայութիւնը աւելի ամրապնդելու մասին։ Թէ՛ Հանրապետութեան Նախագահը եւ թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեցին լիբանանեան սփիւռքը վերակազմակերպելու եւ Լիբանանի զօրակցութեան նոր մղում տալու հրամայականը։
 
Շնորհաւորական այս այցելութեան Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Մայր Տաճարի Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան։