«Միջ-կրօնական երկխօսութիւն՝ նուիրուած բազմազանութեան, հանդուրժողականութեան եւ ընկերային համագործակցութեան» (Interreligious Dialogue on Diversity, Tolerance and Social Cohesion in the Arab Region) նիւթով համագումարը տեղի ունեցաւ 1-2 Նոյեմբեր 2016-ին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ։ Միջ-կրօնական համագումարը կազմակերպուած էր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Զարգացման Ծրագիրներու բաժանմունքի (UNDP) եւ Ապտուլլա Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնի (KAICIID) համագործակցութեամբ։
Սոյն համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, որ «Արաբական աշխարհին մէջ միջ-կրօնական երկխօսութեան վերանորոգում եւ աշխուժացում – օրակարգ, մեքանիզմներ եւ միջոցներ (Reviving and Activating Interreligious Dialogue in the Arab Region – Agenda, Mechanisms and Tools) նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ։ Հայր Սուրբը յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գնահատեց համագումարի կազմակերպիչներն ու մասնակիցները, որոնք այժմէական այս նիւթերու քննարկման նախաձեռնած են պատմութեան այս կարեւոր փուլին։ Իր ներկայացումի ընթացքին, Հայր Սուրբը շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յանձնառութիւնը՝ գործօն մասնակցութիւն բերելու միջ-կրօնական երկխօսութեան ընդհանրապէս եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան մասնաւորապէս։ Ապա, ան քրիստոնէական դիտանկիւնէն պարզեց նիստին նիւթը, յիշեցնելով, որ քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնները պէտք է լուսարձակի տակ առնեն իրենց հասարակաց բարոյական արժէքները։ Ան շեշտեց կրօնական հաստատութիւններու բանալի դերակատարութիւնը ընկերութեան մէջ համերաշխութիւն հաստատելու, պետութիւն-կրօնական հաստատութիւններ համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ իրար հասկացողութեան անհրաժեշտութիւնը։ Իր խօսքի աւարտին, ան երկխօսութիւնը նկատեց լաւագոյն միջոցը հարցերը ճիշդ ձեւով դիմագրաւելու եւ լուծումներու հասնելու։
Միջ-կրօնական այս համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին միջազգային կազմակերպութիւններու, եկեղեցիներու, իսլամական հաստատութիւններու, համալսարաններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ։