Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 37-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԿԸ ՁՕՆԷ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 350-ԱՄԵԱԿԻՆ

Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2016-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, «Որք Զարդարեցին» շարականի երգեցողութեամբ Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս հաստատուած յատուկ տաղաւարը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնապէս բացումը կատարեց Հայ Գիրքի համահայկական 37-րդ ցուցահանդէսին:

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ հայ մշակոյթի պաշտպանութեան եւ հայ գիրի ու գրականութեան տարածման սրբազան առաքելութիւնը՝ իր սրբազան յարկին տակ ի մի հաւաքելով հայ հրատարակչատուները, հեղինակներն ու մտաւորականները, դպրոցական ու համալսարանական աշակերտները եւ անհատ գրքասէրները, հեռանկար ունենալով մէկ նպատակ՝ պահել ու պահպանել հայ գիրն ու հայ մշակոյթը մեր սփիւռքեան դժուար պայմաններուն մէջ:

Բացման հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ հրատարակչատուներու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, գրքասէր հանրութիւն մը եւ մանաւանդ դպրոցական եւ դպրոցաւարտ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ։

Նորին Սրբութիւնը լուսարձակի տակ առաւ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան եւ ըսաւ. «Ներկայ տարին, 350-ամեակն է Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան: Հետեւաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած հայ գիրքի համահայկական այս 37-րդ ցուցահանդէսը կը նուիրենք Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակին»: Վեհափառ Հայրապետը խօսելով Ոսկան Վարդապետի կատարած գործի կարեւորութեան եւ անձնուրաց եկեղեցականի վաստակին մասին, յիշեցուց. «1666 թուականը մեր ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կը յատկանշուի Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեամբ: Սովորական երեւոյթ մը չէր Աստուածաշունչի տպագրութիւնը, նկատի ունենալով այդ ժամանակներու դժուար պայմանները՝ թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ գործնական իմաստով։ Սակայն, շնորհիւ Ոսկան Վարդապետի իմաստուն ու քաջ քայլին, հայ ժողովուրդը իր ձեռքերուն մէջ ու աչքերուն դիմաց ունեցաւ տպագրուած Աստուածաշունչը: Սպահանի մէջ ծնած, Ս. Էջմիածնի մէջ իր եկեղեցական կոչումը ստացած Ոսկան Վարդապետ կ’առնէ Աստուածաշունչի տպագրութեան յանդուգն քայլը: Ինչպէս հայ գիրերու գիւտարարը եւ թարգմանչաց սերունդի առաջնորդը՝ Ս. Մեսրոպ իր սրբազան առաքելութիւնը սկսելէ առաջ երազեց, տագնապեցաւ, պրպտեց, ուսումնասիրեց՝ միշտ մեկնելով ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու ամուր յանձնառութենէն, այնպէս ալ Ոսկան Վարդապետը, մէկդի թողելով իր միաբանի հանգստաւէտ պայմանները, հոգեւորականի տիտղոսին փառքն ու պատիւը, իր ողջ կեանքը նուիրեց Աստուածաշունչի տպագրութեան: Հո՛ն գտաւ իր հոգեւորականի փառքն ու պատիւը. հո՛ն տեսաւ իր ճշմարիտ մեծութիւնը, իր գոյութեան պատճառը: Ոսկան Վարդապետ սոսկ տպագրիչ չեղաւ, այլ պրպտող, հաւաքող, քննող, դասաւորող բանասէր ու խմբագիր: Ճի՛շդ է, իրմէ առաջ Աստուածաշունչի տպագրութեան փորձեր կատարուած էին, փորձեր եղած էին ո՛չ ամբողջական, այլ՝ թերի ու սահմանափակ, սակայն Ոսկան Վարդապետ կը նկատուի Աստուածաշունչի առաջին ու ամբողջական տպագրութեան ռահվիրան»։

Մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս Աստուածաշունչի կարեւորութեան մասին անդրադառնալով Արամ Ա. Կաթողիկոս պատգամեց. «Արդարեւ, եթէ Մեսրոպ Մաշտոց ու Սահակ Հայրապետ 5-րդ դարուն Աստուծոյ խօսքը հայացուցին ստեղծելով մեր պատմութեան Ոսկեդարը, ապա, Ոսկան Վարդապետ ձեռագիրներու փոշիներուն տակ մնացած Աստուածաշունչը մատչելի, տեսանելի ու շօշափելի դարձուց մեր ժողովուրդին: Աստուածաշունչը տպագրելով Ոսկան Վարդապետ սոսկ տպագրական բնագաւառէն ներս կարեւոր իրագործում մը չէր կատարեր, անոր հիմնական նպատակը մեր ժողովուրդը հրաւիրել էր Աստուածաշունչը կարդալէն ու ճանչնալէն անդին՝ զայն ապրելու: Հոս կը կայանայ խորունկ իմաստը Աստուածաշունչի տպագրութեան: Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակը հոգեւոր արթնութեան կոչ մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ դառնալու Աստուածաշունչին, հաւատարիմ մնալու անոր ուսուցումներուն ու մեր կեանքին փոխադրելու անոր արժէքներն ու սկզբունքները: Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակը մարտահրաւէր մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր ու բարոյական արժէքները մեր կեանքի լուսանցքին մղող ներկայ աշխարհի հոսանքներուն դիմաց, Աստուածաշունչը ամրօրէն պահել մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի մայր էջին վրայ»:

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ներկաները իրազեկ դարձուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուող Աստուածաշունչի Արեւմտահայերէն թարգմանութեան աշխատանքներուն. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երեք տասնամեակներէ ի վեր ձեռնարկած է Աստուածաշունչի Արեւմտահայերէնի թարգմանութեան այնքան հրամայական աշխատանքին: Արեւմտահայերէնի թարգմանութեան Նոր Կտակարանը արդէն իսկ հրատարակուած է շուրջ երկու տասնամեակներ առաջ ու Հին Կտակարանի թարգմանութեան աշխատանքը դրական ընթացքի մէջ է: Հետեւաբար, Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր ժողովուրդին կը ներկայանայ Ոսկան Վարդապետի կողմէ կատարուած հսկայ աշխատանքին նման նուիրական գործ մը կատարած ըլլալու արդար հպարտութեամբ»։
Հայ Գիրքի համահայկական 37-րդ ցուցահանդէսի բացումը վերջ գտաւ, Դպրեվանքի սաներուն կողմէ, ազգային երգերու եւ հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ։ Ապա, ներկաները առիթը ունեցան քննելու եւ հաղորդակից դառնալու ներկայացուած գիրքերուն ու հայաբոյր հատորներուն:

Հայ Գիրքի 37-րդ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 20 Նոյեմբեր 2016, ընդունելու համար հայ երիտասարդութիւնը, դպրոցական աշակերտներն ու գիրի եւ գրականութեան սէր ունեցող հանրութիւնը՝ ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2016-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, «Որք Զարդարեցին» շարականի երգեցողութեամբ Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս հաստատուած յատուկ տաղաւարը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնապէս բացումը կատարեց Հայ Գիրքի համահայկական 37-րդ ցուցահանդէսին:

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ հայ մշակոյթի պաշտպանութեան եւ հայ գիրի ու գրականութեան տարածման սրբազան առաքելութիւնը՝ իր սրբազան յարկին տակ ի մի հաւաքելով հայ հրատարակչատուները, հեղինակներն ու մտաւորականները, դպրոցական ու համալսարանական աշակերտները եւ անհատ գրքասէրները, հեռանկար ունենալով մէկ նպատակ՝ պահել ու պահպանել հայ գիրն ու հայ մշակոյթը մեր սփիւռքեան դժուար պայմաններուն մէջ:

Բացման հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ հրատարակչատուներու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, գրքասէր հանրութիւն մը եւ մանաւանդ դպրոցական եւ դպրոցաւարտ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ։

Նորին Սրբութիւնը լուսարձակի տակ առաւ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան եւ ըսաւ. «Ներկայ տարին, 350-ամեակն է Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան: Հետեւաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած հայ գիրքի համահայկական այս 37-րդ ցուցահանդէսը կը նուիրենք Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակին»: Վեհափառ Հայրապետը խօսելով Ոսկան Վարդապետի կատարած գործի կարեւորութեան եւ անձնուրաց եկեղեցականի վաստակին մասին, յիշեցուց. «1666 թուականը մեր ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կը յատկանշուի Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեամբ: Սովորական երեւոյթ մը չէր Աստուածաշունչի տպագրութիւնը, նկատի ունենալով այդ ժամանակներու դժուար պայմանները՝ թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ գործնական իմաստով։ Սակայն, շնորհիւ Ոսկան Վարդապետի իմաստուն ու քաջ քայլին, հայ ժողովուրդը իր ձեռքերուն մէջ ու աչքերուն դիմաց ունեցաւ տպագրուած Աստուածաշունչը: Սպահանի մէջ ծնած, Ս. Էջմիածնի մէջ իր եկեղեցական կոչումը ստացած Ոսկան Վարդապետ կ’առնէ Աստուածաշունչի տպագրութեան յանդուգն քայլը: Ինչպէս հայ գիրերու գիւտարարը եւ թարգմանչաց սերունդի առաջնորդը՝ Ս. Մեսրոպ իր սրբազան առաքելութիւնը սկսելէ առաջ երազեց, տագնապեցաւ, պրպտեց, ուսումնասիրեց՝ միշտ մեկնելով ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու ամուր յանձնառութենէն, այնպէս ալ Ոսկան Վարդապետը, մէկդի թողելով իր միաբանի հանգստաւէտ պայմանները, հոգեւորականի տիտղոսին փառքն ու պատիւը, իր ողջ կեանքը նուիրեց Աստուածաշունչի տպագրութեան: Հո՛ն գտաւ իր հոգեւորականի փառքն ու պատիւը. հո՛ն տեսաւ իր ճշմարիտ մեծութիւնը, իր գոյութեան պատճառը: Ոսկան Վարդապետ սոսկ տպագրիչ չեղաւ, այլ պրպտող, հաւաքող, քննող, դասաւորող բանասէր ու խմբագիր: Ճի՛շդ է, իրմէ առաջ Աստուածաշունչի տպագրութեան փորձեր կատարուած էին, փորձեր եղած էին ո՛չ ամբողջական, այլ՝ թերի ու սահմանափակ, սակայն Ոսկան Վարդապետ կը նկատուի Աստուածաշունչի առաջին ու ամբողջական տպագրութեան ռահվիրան»։

Մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս Աստուածաշունչի կարեւորութեան մասին անդրադառնալով Արամ Ա. Կաթողիկոս պատգամեց. «Արդարեւ, եթէ Մեսրոպ Մաշտոց ու Սահակ Հայրապետ 5-րդ դարուն Աստուծոյ խօսքը հայացուցին ստեղծելով մեր պատմութեան Ոսկեդարը, ապա, Ոսկան Վարդապետ ձեռագիրներու փոշիներուն տակ մնացած Աստուածաշունչը մատչելի, տեսանելի ու շօշափելի դարձուց մեր ժողովուրդին: Աստուածաշունչը տպագրելով Ոսկան Վարդապետ սոսկ տպագրական բնագաւառէն ներս կարեւոր իրագործում մը չէր կատարեր, անոր հիմնական նպատակը մեր ժողովուրդը հրաւիրել էր Աստուածաշունչը կարդալէն ու ճանչնալէն անդին՝ զայն ապրելու: Հոս կը կայանայ խորունկ իմաստը Աստուածաշունչի տպագրութեան: Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակը հոգեւոր արթնութեան կոչ մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ դառնալու Աստուածաշունչին, հաւատարիմ մնալու անոր ուսուցումներուն ու մեր կեանքին փոխադրելու անոր արժէքներն ու սկզբունքները: Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակը մարտահրաւէր մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր ու բարոյական արժէքները մեր կեանքի լուսանցքին մղող ներկայ աշխարհի հոսանքներուն դիմաց, Աստուածաշունչը ամրօրէն պահել մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի մայր էջին վրայ»:

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ներկաները իրազեկ դարձուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուող Աստուածաշունչի Արեւմտահայերէն թարգմանութեան աշխատանքներուն. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երեք տասնամեակներէ ի վեր ձեռնարկած է Աստուածաշունչի Արեւմտահայերէնի թարգմանութեան այնքան հրամայական աշխատանքին: Արեւմտահայերէնի թարգմանութեան Նոր Կտակարանը արդէն իսկ հրատարակուած է շուրջ երկու տասնամեակներ առաջ ու Հին Կտակարանի թարգմանութեան աշխատանքը դրական ընթացքի մէջ է: Հետեւաբար, Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր ժողովուրդին կը ներկայանայ Ոսկան Վարդապետի կողմէ կատարուած հսկայ աշխատանքին նման նուիրական գործ մը կատարած ըլլալու արդար հպարտութեամբ»։
Հայ Գիրքի համահայկական 37-րդ ցուցահանդէսի բացումը վերջ գտաւ, Դպրեվանքի սաներուն կողմէ, ազգային երգերու եւ հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ։ Ապա, ներկաները առիթը ունեցան քննելու եւ հաղորդակից դառնալու ներկայացուած գիրքերուն ու հայաբոյր հատորներուն:

Հայ Գիրքի 37-րդ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 20 Նոյեմբեր 2016, ընդունելու համար հայ երիտասարդութիւնը, դպրոցական աշակերտներն ու գիրի եւ գրականութեան սէր ունեցող հանրութիւնը՝ ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: