27 October, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹԱՒԱՏՐՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԵՒ ՔԷՆԹԸՐՊԸՐԻԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին ընդունեց Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Թաւատրոս Պատրիարքին ներկայացուցիչը՝ Մետրոպոլիտ Պիշոյը։ Վերջինս Նորին Սրբութեան փոխանցեց Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները եւ ուզեց իր կարծիքը ունենալ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին ու յատկապէս Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին առնչուած կարգ մը հարցերու շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Արեւելեան Ուղղափառ ընտանիքին ներքին դաւանական միութեան կարեւորութիւնը, գործակցութեան ճամբով աւելի ամրապնդելու կարիքը՝ նկատի ունենալով ներկայ ընկերութիւնը ու յատկապէս Միջին Արեւելքը յուզող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները։

 

            Նորին Սրբութիւնը նաեւ ընդունեց Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին` Ճասթըն Ուէլպիյի ներկայացուցիչը՝ Կրէկորի Եպիսկոպոսը։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս եկեղեցին յուզող հարցերու ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ գործակցութեան։

 

            Երկու սրբազաններն ալ ճաշի հիւրը եղան Վեհափառ Հայրապետին։ Թէ՛ հանդիպումներուն եւ թէ՛ ճաշին ներկայ եղաւ նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ՝ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։

More News