26 Հոկտեմբերի, 2016

«ԲԱՐՈՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՏԵՂ ՊԷՏՔ Է ԳՐԱՒԵՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ» Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

Վերոյիշեալ շեշտադրումը կատարեց Նորին Սրբութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուող Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի ժողովի բացման նիստին։ Առաջին հերթին Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը նետեց միջ-եկեղեցական շարժումի պարզած ներկայ վիճակին, վեր առնելով դրական ու բացասական շարք մը երեւոյթներ։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը լուսարձակի տակ բերաւ կառոյցներէն դէպի ժողովուրդ ընթացող միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ իւրայատուկ երեւոյթները։ Ան շեշտեց, թէ ինքզինք եկեղեցի նկատող որեւէ եկեղեցի չի կրնար հեռու մնալ միջ-եկեղեցական շարժումէն, որովհետեւ այս շարժումը մարդակեդրոն ու մարդանպատակ չէ, այլ Աստուածակեդրոն ու Աստուածանպատակ։ Վեհափառ Հայրապետին համաձայն միջ-եկեղեցական շարժումը կոչուած է կարեւորութեամբ նկատի ունենալ ներկայ աշխարհին պայմաններու մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Այսպէս եղած է նաեւ Աստուծոյ յայտնութիւնը պատմութեան ընթացքին։

 

            Վերոնշեալ ընդհանուր մօտեցումէն ետք Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ աստուածաբանական երկխօսութեան կարեւորութեան։ Ան յիշեցուց, թէ վերջին յիսուն տարիներուն միջ-եկեղեցական շարժումի մայր էջին վրայ յատուկ տեղ են գրաւած եկեղեցական ընտանիքներուն միջեւ հաստատուած ու տակաւ զարգացող աստուածաբանական երկխօսութիւնները։ Արեւելեան Ուղղափառ ընտանիքը երեք կարեւոր երկխօսութիւններու մէջ է ներկայիս.- Կաթոլիկ Եկեղեւոյ, Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ հետ։ Հակառակ այն իրողութեան, որ յիշեալ երկխօսութիւններու օրակարգերուն, մօտեցումներուն, առաջնահերթութիւններուն ու մեթոտներուն միջեւ որոշ տարբերութիւններ գոյ են, սակայն, հասարակաց յայտարարներ փաստօրէն կու գան յիշեցնելու եկեղեցիներու միութեան ամուր հիմքը՝ հակառակ պատմութեան պարտադրած բաժանումներուն, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

 

            Իր դասախօսութեան վերջին բաժինին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով արծարծեց Արեւելեան Ուղղափառ եւ Անկլիգան եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան օրակարգի հարցերը, յատուկ կերպով ընդգծելով բարոյական հարցերուն, որոնք այնքան այլազան են ու բազմազան ներկայ աշխարհին մէջ, առանցքային կարեւորութիւնը՝ հետեւաբար, այս նիւթերը տեղ պէտք է գրաւեն աստուածաբանական երկխօսութեան օրակարգին վրայ։ Հայոց Հայրապետը ըսաւ. «Նման հարցեր, այսօր, աւելի բաժանարար ներկայութիւն են եկեղեցիներու կեանքէն ներս, նոյնիսկ նո՛յն եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, քան անցեալէն ժառանգուած դաւանաբանական հարցերը։ Ճիշդ է, եկեղեցիներու մշակութային ու ազգային աւանդութիւններն ու մօտեցումները յաճախ զանոնք կը մղեն տարբեր մօտեցումներ որդեգրելու, սակայն անհրաժեշտ է, որ եկեղեցիներու աստուածաբանական ու բարոյական սկզբունքային մօտեցումները հիմնուած ըլլան Աստուածաշունչի ու եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն վրայ եւ ուղեգիծը դառնան եկեղեցիներու ուսուցումներուն»։

 

            Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք յաջորդաբար խօսք առին ժողովի համա-ատենապետները՝ Մետրոպոլիտ Պիշոյ եւ Կրիկորի Գամերուն Եպիսկոպոսը, որոնք բարձր գնահատանքով անդրադարձան Նորին Սրբութեան մեծապէս դրական դերակատարութեան միջ-եկեղեցական աշխարհէն ներս՝ միջազգային մակարդակի վրայ, անոր ունեցած հարուստ փորձառութեան, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործօն մասնակցութեան միջ-եկեղեցական շարժումին։

 

More News