Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին բացումը կատարուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքին եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի հինգերորդ նիստին։
Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին մաս կը կազմեն Հայ Եկեղեցին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեամբ, Ղպտի, Ասորի, Հնդկաստանի Մալապար, Հապէշ եւ Էրիթրիոյ եկեղեցիները. իսկ Անկլիգան եկեղեցւոյ մաս կը կազմեն աշխարհի զանազան կողմերը գտնուող Անկլիգան եկեղեցիները եւ Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսական եկեղեցին։
1993 թուականին սկսած աստուածաբանական երկխօսութեան նպատակն է քննարկել դաւանական ու եկեղեցաբանական եւ ընդհանրապէս աստուածաբանական այնպիսի հարցեր, որոնց նկատմամբ յիշեալ եկեղեցական երկու ընտանիքները տարբեր մօտեցումներ ունին։ Յանձնախումբը պիտի շարունակէ քննարկել Սուրբ Հոգւոյ բխման ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հեղինակութեան հետ առնչութիւն ունեցող նիւթեր։ Նշենք, որ 2014 թուականի հանդիպումին, յանձնախումբը քրիստոսաբանական հարցերու շուրջ համաձայնագիր մը ստորագրած էր։
Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ ժողովին կը մասնակցին Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան (Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ) եւ Պօղոս Վրդ. Թինքճեան (Տեսուչ Դպրեվանուց), որպէս ներկայացուցիչներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան երկու ներկայացուցիչները չկրցան ներկայ գտնուիլ։ Արեւելեան եկեղեցիներու ընտանիքի անդամ միւս եկեղեցիները կը մասնակցին երկու ներկայացուցիչներով, իսկ Անկլիգան եկեղեցիին կողմէ կը մասնակցին ինն ներկայացուցիչներ։ Ժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2016։