19-22 Հոկտեմբեր 2016-ին, Կիպրոսի Փարալիմնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառ եկեղեցիներու երկու ընտանիքներուն (Քաղկեդոնական ու Ոչ-քաղկեդոնական) եւ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեանց (UBS) միջեւ համագործակցութեան աշխատանքները համակարգող յանձնախումբի տարեկան ժողովը։ Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Տիեզերական ու Ռուսիոյ Պատրիարքութեանց, Յունաստանի, Կիպրոսի, Հայ, Ղպտի ու Ասորի եկեղեցիներու եւ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեանց ներկայացուցիչները։ Սոյն ժողովին Հայ Եկեղեցին ներկայացուցին Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան (Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն) եւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն)։
Վերոյիշեալ յանձնախումբի պարտականութիւնն է համակարգել Ուղղափառ եկեղեցիներուն եւ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեանց միացեալ աշխատանքները՝ ծրագիրներ մշակել, ուղղեցոյց պատրաստել եւ վերջնականապէս ձեւակերպել այն ուղեգիծը, որուն հիմամբ պիտի կատարուին յետագայ միատեղ բոլոր աշխատանքները։
Պատրաստուած ուղեգիծը հետեւեալ խորագիրը կը կրէ՝ «Հասկացողութիւն եւ համագործակցութիւն ընդմէջ Ուղղափառ, Ուղղափառ Ոչ-քաղկեդոնական եւ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեանց», որուն համար աստուածաշնչական համար ընտրուած է. «Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան» (Մր 13.31)։ Սոյն յուշագիրը անցնող տարիներուն բազմիցս վերաքննութեան եւ սրբագրութեան ենթարկուելէ ետք՝ այս ժողովի ընթացքին իր վերջնական ձեւը ստացաւ։
Մակար Սրբազանը ժողովականներուն փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնն ու բարձր գնահատանքը իրենց կատարած կարեւոր աշխատանքին համար եւ զանազան առիթներով խօսեցաւ Կաթողիկոսարանի ճամբով կատարուող Աստուածաշունչի եւ այլ կրօնական ու հոգեւոր բնոյթ ունեցող գիրքերու թարգմանական եւ հրատարակչական աշխատանքներու մասին։
Յառաջիկայ ժողովը որոշուեցաւ գումարել Պալամանտ, Լիբանան, որու ընթացքին մանրամասնօրէն պիտի ծրագրուի 2018 թուականին տեղի ունենալիք ընդհանուր համաժողովին ծրագիրն ու յայտագիրը։