Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր 2016-ին, ֆրանսայէն խումբ մը ուխտաւորներ, գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեանի, այցելեցին Մայրավանք։ Ուխտաւորները նախ Կաթողիկոսարանի Նահատակաց մատրան մէջ իրենց աղօթքը բարձրացուցին եւ ապա, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մասնակից դարձան Ս. եւ Անմահ Պատարագին։
Օրուան հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Վահան Սրբազան, որ նախքան քարոզը շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իրեն տուած այս առիթին համար։ Օրուան տօնի՝ Սուրբ Խաչի Գիւտի խորհուրդէն մեկնելով, Սրբազան Հայրը հակիրճ կերպով տուաւ դէպքին պատմականը եւ ապա անդրադարձաւ խաչի քրիստոնէական հասկացողութեան՝ իբր աստուածային գերագոյն սիրոյ եւ յաղթանակի խորհրդանշան։
Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց ուխտաւորները Վեհարանի դահլիճին մէջ։ Վահան Սրբազան ներկայացուց ուխտաւորներու խումբը եւ այցելութեան նպատակը։ Ան ընդգծեց, որ խումբին Կաթողիկոսարան այցելութիւնը, Ս. եւ Անմահ Պատարագին մասնակցիլը եւ Նորին Սրբութեան հետ այս հանդիպումը իրենց ուխտագնացութեան գագաթնակէտն է։ Խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը խումբին կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին։
Նորին Սրբութիւնը ողջունեց խումբին այս ուխտագնացութիւնը եւ շեշտեց, որ նման առիթներ կարեւոր են, որպէսզի Սփիւռքի զանազան գաղութները իրար ծանօթանան։ Այս այցելութիւնները նաեւ արտայայտութիւնն են մեր միասնութեան, որ մեր ժողովուրդին, հայրենիքին ու հաւաքական պայքարին համար նախապայման է, յիշեցուց Նորին Սրբութիւնը։ Ան խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ անոր ունեցած դերակատարութեան Սփիւռքի մեր գաղութներէն ներս։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ուխտաւորներու հարցումներուն, որոնք առաւելաբար կեդրոնացան Հայաստանի ու Ղարաբաղի իրավիճակին, լիբանանահայութեան, Սուրիոյ տագնապին եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան։