10 Հոկտեմբերի, 2016

Ա.Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԸ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ

Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակի նշումը։ Ձեռնարկին ներկայ էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Սիմէոն Աբղ. Օտապաշեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Միութեան Տնօրէն Խորհուրդի անդամ՝ Մեթր Փիթըր Ղուկասեան, միաբան ու քահանայ հայրեր, Կաթողիկոսարանի Ազգային Կեդրոնական ու Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամներ, գաղութի զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ Թեմի տարբեր շրջաններու եկեղեցիներու զաւակները։
 
 
 
Ա.Մ. Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, օրուան հանդիսաւարը՝ Մերձաւոր Արեւելքի Հիմնարկութեան պատուակալ ատենապետ Տիար Շանթ Մարտիրոսեան կատարեց բացման խօսքը, որուն ընթացքին նշեց, թէ Մերձաւոր Արեւելքի Հիմնարկութեան կողմէ իբր որբանոց գործածուող Անթիլիասի հողատարածքը, որուն վրայ հաստատուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 1930-էն ի վեր, աւելի քան ութ տասնամեակներ ետք ամբողջովին պայծառակերպուած է, նոր հմայք ստացած եւ լծուած մեր ժողովուրդի ազգային-եկեղեցական ծառայութեան։ Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ Տիար Գէորգ Հաճեան (Թենոր) հանդէս եկաւ եկեղեցական ու ազգային երգերով։
 
 
 
Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ եւ համայնքի երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչ Օրդ. Թամար Քանարեան խօսեցաւ Վեհափառ Հայրապետին երիտասարդութեան վրայ թողած ազդեցութեան մասին եւ ըսաւ. « Վերջին 15 տարիներու ընթացքին, ես իմ հայեացքներս միշտ ուղղեցի դէպի մեր եկեղեցւոյ ղեկավարութեան ու յատկապէս Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որպէս ներշնչման աղբիւր, ուշի ուշով մտիկ ընելով իր հայրապետական պատգամները եւ զանոնք գործադրելով որպէս քրիստոնեայ եւ հայ: Վեհահառ Հայրապետին պատգամները նաեւ մեր բոլորիս ներշնչման աղբիւր են աւելի լաւ հիմերու վրայ դնելու եւ պայքարելու մեր եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ազգին համար՝ առանց ընկրկելու ու յուսահատելու, միշտ պայքարելով ու ցանկալով հասնիլ աւելի լաւին»։ Ապա, խօսք առաւ Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Մեթր Ճէգ Մարտոյեան, որ շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը եւ լուսարձակի տակ առաւ անոր 20-ամեայ գործունէութիւնը եւ ղեկավարի արժանիքները։
 
 
 
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, որ ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետի եկեղեցականի կեանքը, կեդրոնանալով 20-ամեայ գահակալութեան գործունէութեան վրայ՝ «Քսան տարիներ ետք եկած ենք հաւաքական կերպով վկայելու ծառայութիւնը մարմնաւորող Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայի մը, եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու բանիւ ու գործով ապրուած կեանքի մը, որ տրոփած է ո՛չ միայն իր անձին, իր Միաբանութեան, իր ազգին ու եկեղեցիին, այլ անդրանցնելով պատկանելիութեան նեղ սահմանները, գործած է ի խնդիր քրիստոնէութեան եւ միջ-կրօնական յարաբերութեանց բարւոք զարգացման»։ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Հայ Եկեղեցւոյ, քաղաքական, մտաւորական, մշակութային, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական երկխօսութեան, երիտասարդական, շինարարական եւ Հայ Դատի բնագաւառներէն ներս բերած ներդրումին։
 
 
 
Առաջնորդ Օշական Սրբազան խօսք առնելով յայտնեց, թէ Նորին Սրբութեան գահակալութեան 20 տարիները լեցուն եղան անձնազոհողութեամբ եւ արժեւորուեցան մեր ազգին ու եկեղեցւոյ վեհ արժէքներով։ Ան Վեհափառ Հայրապետին ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Ինչ որ Աստուած տուաւ Ձեզի, Դուք իբր ծառայութիւն ներկայացուցիք մեր ժողովուրդին, եւ մեզի համար օրինակ հանդիսացաք, որպէսզի մենք եւս հետեւինք Ձեր ուղղութեան»։ Ապա, հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը փոխանցելու օրուան իր պատգամը։
 
 
 
«Երբ Կաթողիկոսին մասին կը խօսինք, կը նշանակէ կը խօսինք Կաթողիկոսարանին՝ Ս. Աթոռին մասին եւ անշուշտ հակառակը։ Ա՛յս է իմ հասկացողութիւնս։ Կաթողիկոսը իր անձը պէտք է նուիրէ Կաթողիկոսարանին եւ տակաւին աւելին՝ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին, ա՛յս եղաւ իմ սկզունքս եւ ա՛յս փորձեցի կատարել։ Ես իմ կարելիս ըրի, եւ պիտի փորձեմ նոյն թափով եւ առաւել եռանդով շարունակել» ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս վերարժեւորելով գահակալութեան իր 20 տարիները։ Ապա, ան խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասին ու նշեց. «Անթիլիասը առաքելութիւն է։ Առաքելութիւն մը, որ կ’երթայ դէպի մեր ժողովուրդը եւ կը վերանորոգէ ու կը փոխակերպէ զայն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար ծառայութիւնը հրայրք է։ Մեր առաքելութեան ու ծառայութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն Հայ Եկեղեցւոյ միասնականութեան ամրապնդումը եւ բարեկարգումը, Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումը, երիտասարդութեան կարեւորութիւնը, մարդուժի պատրաստութիւնը եւ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգնումը։ Մենք հետամուտ ենք այս ու բոլոր մեր ազգը մտահոգող հարցերուն շուրջ մեր ըսելիքն ու ընելիքը ունենալ»։
 
 
 
Վեհափառ Հայրապետի ոգեշունչ պատգամէն ետք երգուեցաւ «Կիլիկիա»։ Ապա, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք եւ երեկոն փակուեցաւ Հայրապետական օրհնութեամբ։
 
 
 

More News