9 Հոկտեմբերի, 2016

«ՄԵՆՔ ՆԱԽՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ՇԻՆԵԼԸ, ԵԿԵՂԵՑԻ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆՔ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Նիւ Ճըրզիի մէջ

Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութեան առընթերակայ էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։ Հոծ թիւով հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին Ա.Մ. Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Մ.Ա.Կ.-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ Դեսպան  Զոհրապ Մնացականեան, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, միաբան ու քահանայ հայրեր, Կաթողիկոսարանի Ազգային Կեդրոնական ու Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ գաղութի զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։
 
 
 
Քարոզի սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը արտայայտեց Առաջնորդ Սրբազանին, Թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականներուն, Ազգային Վարչութեան եւ ժողովուրդին։ Ապա, անդրադարձաւ այրի կնոջ լումայի առակին եւ խորհրդածութիւններ կատարեց անգլերէն ու հայերէն լեզուներով, առակի խորհուրդն ու պագամը կապելով այսօրուայ մեր կեանքին ու իրականութեան։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ այս առակէն կը սորվինք, թէ նիւթականը ըստ էութեան մեղք չէ, սակայն նիւթի չարաշահումն է, որ մարդը մեղքի կ’առաջնորդէ, հետեւաբար մեծ տարբերութիւն կայ կարիքին եւ ագահութեան միջեւ։ Քրիստոնէութիւնը մեզ կը սորվեցնէ, որ մեր կեանքի ընթացքին զոհողութիւններ կատարենք մեր եկեղեցւոյ ու հաւատքին համար։ Խօսելով եկեղեցւոյ կարեւորութեան մասին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Մենք նախքան եկեղեցի շինելը, եկեղեցի պէտք է դառնանք։ Ի՞նչ կ’արժէ գեղեցիկ եկեղեցիներ շինել երբ հոն ժողովուրդ չկայ, երբ մենք եկեղեցի չենք քրիստոնէական հաւատքով ամրացած, քրիստոնէական արժէքներով շաղախուած։ Պատմութեան ընթացքին քրիստոնէական հաւատքը մեզի համար զգացական երեւոյթ չեղաւ, այլ ամէնօրեայ ապրում ու տագնապ՝ մենք եկեղեցի դարձանք։ Պատմութեան ընթացքին ամէն բան կորսնցուցինք բացի եկեղեցիէն՝ ճշմարիտ եկեղեցիէն, որ մեր հոգեւոր հայրենիքն է։ Մեր ժողովուրդը այս ուժով գոյատեւեց ու մասնակից դարձաւ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան, եկեղեցին դարձնելով իր հոգեւոր տունը, Աստուծոյ տունը եւ ազգին տունը։ Մեր պարտականութիւնն է Աւետարանին պատգամը ապրիլ եւ ապրեցնել մեր մէջ այսօր։ Ա՛յս է իւրաքանչիւր գիտակից քրիստոնեայի առաքելութիւնը, քրիստոնեայ ըլլալու ճշմարիտ կերպը»։ Քարոզի աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց, թէ մեր եկեղեցւոյ համար հայրենիքի հզօրացումը միշտ եղած է առաջնահերթ մտահոգութիւն, որովհետեւ հայրենիք եւ եկեղեցի կազմած են մէկ ամբողջութիւն։ Վերջապէս, Հայոց Հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած երկնային բարիքներով լեցնէ ու ծաղկազարդէ մեր մեծ ազգին, մեր հայրենիքին, Արցախին եւ հայրենի ու Սփիւռքի մէջ հաստատուած զաւակներուն կեանքը, որպէսզի միասնական ոգիով եւ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել մասնակցութիւն բերելու հաւատքի վճռակամութեամբ շարունակենք մեր կեանքը։

More News