8 October, 2016

«ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԲԵ՛Ք ՍՏՈՒԵՐ ՉԷ ՏԵՍԱԾ ՈՒ ՊԻՏԻ ՉՏԵՍՆԷ, ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՆ ԱՏԵՆ, ՈՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆՔ» Վստահեցուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մոնթրէալի մէջ երիտասարդութեան հետ հանդիպման ընթացքին

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակի առիթով Մոնթրէալի գաղութին տուած այցելութեան ընթացքին, Գանատայի Հայոց Թեմի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ 7 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Նորին Սրբութեան եւ երիտասարդութեան միջեւ։

 

            Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ քաջալեր հանդիսացաւ կազմակերպելու այս հանդիպումը։ Սրբազանը շեշտեց, թէ այս երեւոյթը իսկապէս ցոյց կու տայ Նորին Սրբութեան երիտասարդութեան նկատմամբ ցուցաբերած մտահոգութիւնը եւ անոնցմէ ունեցած իր սպասումը։ Օրուան երեկոն վարեց Տիար Հրակ Չինչինեան։ Ան Վեհափառ Հայրապետէն խնդրեց, որ ներկայ երիտասարդութեան բացատրութիւն տայ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին մասին։

 

            Արամ Ա. Կաթողիկոս նախքան հարցումին պատասխանելը անդրադարձաւ երիտասարդութեան կարեւոր դերակատարութեան եւ քաջալերեց, որ անոնք մեր գաղութներէն ներս գործօն մասնակցութիւն բերեն։ Ան նաեւ շեշտեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որ առիթ կու տայ երիտասարդին լսելու, խօսելու, բայց մանաւանդ մասնակից դառնալու ազգային-եկեղեցական կեանքին։

 

            Ապա, Վեհափառ Հայրապետը լայն տեղեկութիւն տուաւ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին եւ գործընթացին եւ յիշեցուց, որ այս դատը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դատը չէ սոսկ, այլ մեր ամբողջ ազգին դատն է։ Այսօրուան աշխարհին մէջ, զանազան ձեւերով ու կերպերով մեր դատը պէտք է յառաջ տանինք, եւ երիտասարդները նոր աւիւն պէտք է ներարկեն։ «Մեր պահանջատիրութիւնը երբե՛ք ստուեր չէ տեսած ու պիտի չի տեսնէ, մինչեւ այն ատեն, որ պահանջատէր երիտասարդութիւն ունինք» վստահեցուց Հայոց Հայրապետը։

 

            Հանդիպման մասնակից երիտասարդները իրենց Հովուապետին հետ մտերմիկ զրոյցի ընթացքին կրօնական, եկեղեցական, քրիստոնէական դասիարակութեան, Կիրակնօրեայ վարժարաններու նոր ծրագիրներու, հայ ընտանիքին, հաւատք-բանականութիւն փոխ-յարաբերութեան, Սուրիոյ տագնապին, քաղաքական եւ հայ մարդուժի պատրաստութեան հետ առնչութիւն ունեցող զանազան հարցեր տուին, որոնց Նորին Սրբութիւնը սպառիչ պատասխաններ տուաւ, յագեցնելով երիտասարդութեան հետաքրքրութիւնները եւ լուսաբանելով անոնց մտքերը։

More News