2 Հոկտեմբերի, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

«20-ամեակի այս առիթով կը վերանորոգեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտս՝ առաւել նուիրուածութեամբ ու վերանորոգ հաւատքով շարունակելու մեր եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութիւնն ու ազգային ծառայութիւնը» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
 
 
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2016 տարուան «Ծառայութեան Տարի» հռչակագիրին մէջ կ’ըսէ. «Հոն, ուր եկեղեցին հեռու մնացած է ծառայութենէն, ան փաստօրէն հաւատարիմ չէ մնացած իր կոչումին: Հոն, ուր եկեղեցին ծառայութիւնը դարձուցած է իր կեանքին առանցքը ու նպատակը, ան դարձած է հզօր ու կենսունակ: Հոն, ուր եկեղեցին իր հեղինակութիւնը տեսած է այլ տեղ եւ ոչ թէ ծառայութեան մէջ, ժողովուրդը հեռացած է եկեղեցիէն: Հոն, ուր եկեղեցին ինքզինք նոյնացուցած է ժողովուրդի ցաւին ու տառապանքին հետ՝ դառնալով ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեանքէն ներս, ժողովուրդը ամրօրէն կառչած է եկեղեցւոյ»: Արդարեւ, այս նոյն սկզբունքով Վեհափառ Հայրապետը գահակալութեան անցնող 20 տարիները նուիրագործեց մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Հայոց Հայրապետին նուիրական այս ոգիին ու անխոնջ ծառայութեան 20-ամեակը նշուեցաւ մեծ շուքով, Լոս Անճելըսի Կլենտէյլ Բարձրագոյն Վարժարանի սրահէն ներս, 1 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյան ժամը 6-ին։
 
 
Բացման խօսքէն եւ գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, ցուցադրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին նուիրուած տեսերիզը, պատրաստուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լսատեսողական բաժանմունքին կողմէ։ Ապա, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիցագոյն անդամներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան նեկայացուց Վեհափառ Հայրապետին 20-ամեայ գործունէութիւնը։ «Ազգային թէ միջազգային գործադաշտերու մէջ այնքա՛ն ծաւալուն է ու բազմաճիւղ՝ ձեր ծառայութիւնը, այնքա՛ն տիրապետող է ձեր ներկայութիւնը եւ այնքան ճառագայթող՝ համբաւը, որ իսկապէս այս պահուն կը դժուարանամ, այսպէս, յաւուր պատշաճի խօսքի մը մէջ խտացնելու եւ արժանաւորապէս ներկայացնելու Սուրբ Օծութեանդ յոգնութիւն չճանչցող գործունէութեան տարողութիւնն ու կշիռը» յայտնեց Եփրեմ Սրբազան եւ ամփոփեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի ծառայական գործունէութիւնը հետեւեալ կէտերուն մէջ՝ ա) Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծաղկում, բ) Շինարար Կաթողիկոս, գ) Միջազգային յարաբերութիւններ, դ) Հայ Դատ, ե) Հայաստան եւ զ) Հայ ժողովուրդ։ Սրբազան Հայրը իր վկայութիւնը եզրափակեց ըսելով. «Ձեր ներկայութիւնը այս օրերուն Արեւմտեան Թեմէն ներս, անհուն ուրախութիւն կը պատճառէ բոլորիս։ Ձեր յաղթանակի ուրախութիւնն է այս, որ բոլորս ալ սա պահուն մերը կը նկատենք։ Ձեր 20 տարիներու լո՛յս վաստակը այսօր կը լուսաւորէ մեր կեանքը։ Ապահով կը զգանք ձեզմով ու նաեւ հպարտ։ Ձեզի կը մաղթենք քաջառողջ եւ երկար կեանք որպէսզի նոր ամեակներու հեռապատկերով շարունակէք ձեր ծառայութիւնը՝ Աստուծոյ եւ մեր պատուական ժողովուրդի փառքին ու յաւիտենականութեան համար»։
 
 
Վեհափառ Հայրապետի գործունէութիւնը անգլերէն լեզուով ներկայացուց Տիար Դաւիթ Ղուկասեան, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կարճ պատմական ակնարկ մը նետելէ ետք շեշտեց. «Այսօր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ղեկավարութեամբ, վերակազմակերպուած է դիմագրաւելու 21-րդ դարու մարտահրաւէրները՝ միաժամանակ կառչած մնալով մեր եկեղեցական դարաւոր աւանդութիւններուն։ Նորին Սրբութիւնը հաստատակամ է, որ եկեղեցին պէտք է քայլ պահէ ժամանակին հետ, դիմագրաւելու այժմու պահանջները եւ սպասարկելու իր հօտին։ Ան նախանձախնդիր է յարգելու եւ պահպանելու աւանդութիւնները, առանց արգելափակուելու անոնցմով՝ աւանդապահ եւ ո՛չ աւանդամոլ»։ Նորին Սրբութեան ապագայատեսիլ եւ իրապաշտ ըմբռնումներուն կողքին, դասախօսը անդրադարձաւ Հայ Դատին, միջ-եկեղեցական շարժումին, հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին բերած անոր նպաստին։
 
 
Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան խօսք առնելով շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակը եւ նշեց. «Ձերդ Ս. Օծութիւնը ճանչցած ենք իբրեւ տեսիլք ունեցող, ժրաջան, գործունեայ, նուիրումն ու նուիրաբերումը գնահատող, եւ աւելի պայծառ ապագայի մը կերտման ձգտող ղեկավար մը, որ իր գլխագիր գործովն իսկ կը յորդորէ բոլորս՝ հետեւելու Ձերդ Սրբութեան օրինակին ու քայլերուն, մանաւանդ հոգածու ըլլալու մեր ժողովուրդին ու անոր երիտասարդ սերունդներուն, որոնք այսօր ու վաղը յանձն պիտի առնեն մեր երթին դրօշները»: Ապա, ան հակիրճ կերպով ներկայացոց թեմէն ներս ծառայած չորս մտաւորականները՝ Տեարք Վազգէն Մատենլեան, Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Ժան Գոսաքեան եւ Սարգիս Մահսէրէճեան, ու հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրէ զիրենք ու փոխանցէ Հայրապետական պատգամը։
 
 
Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց այս ձեռնարկի կազմակերպութեան եւ արտասանուած խօսքերուն համար յիշեցնելով, որ այս 20-ամեակը իր անձէն անդին կ’երթայ այն եկեղեցական ու ազգային վեհ արժէքներուն, որոնց ծառայութեան լծուած է ինք։ «Եկեղեցականը միջոց է եւ ո՛չ նպատակ։ Եկեղեցականը արժէք կը դառնայ իր անձնազոհողութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ ծառայութեամբ։ Եկեղեցականի մը տարած գործունէութեամբ մեր ազգն ու եկեղեցին կը փառաւորուի եւ ո՛չ թէ անձը։ Մենք կը մերժե՛նք անձի պաշտամունքը՝ անձը չի՛ կրնար արժէքներէն վեր ըլլալ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ այս շունչով ու ոգիով կը կազմաւորուին մեր նոր սերունդի զաւակները՝ եկեղեցին ու ազգը դարձնելով մեր ծառայութեան առանցքը» ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերակատարութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց. «Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Անթիլիասը կատարեց մեր ժողովուրդի պատմութեան հրաշքներէն մին։ Ջարդուած ու կոտորակուած մեր ժողովուրդի կեանքը վերակազմակերպեց ու անոր յարութեան եւ վերածաղկումի յոյսը ներշնչեց։ Մենք այսօր Սփիւռքի մեր գաղութներէն ներս կը շարունակենք մեր եկեղեցանուէր ու ազգանուէր գործունէութիւնը՝ եկեղեցւոյ առաւել պայծառացման, հայրենիքի առաւել հզօրացման եւ մեր ժողովուրդի արդար դատի առաւել ամրապնդման»։ Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանը, եկեղեցական դասը, Ազգային Վարչութիւնն ու բոլոր անոնք, որոնք զանազան միութիւններու միջոցաւ Թեմէն ներս իրենց ծառայութիւնը կը բերեն մեր եկեղեցւոյ ու ազգին։ Խօսքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ «Ամեակները պէտք է առիթ ըլլան նայելու մեր անցեալին, դասեր քաղելու մեր անցեալի սխալներէն եւ կերտելու մեր պայծառ ապագան»։
 
 
 
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Հայրապետական օրհնութեամբ «Ի Վեհ Բարձանց» մաղթերգի եւ «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ։

More News