1 October, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ՀՐԱՇԱՓԱՌ»ՈՎ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

 

Լոս Անճելըս ժամանումի վաղորդայնին, Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը ժամանեցին Ազգային Առաջնորդարան։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ միաբան հայրեր։ Ազգային Առաջնորդարանի մուտքին, շքախումբը դիմաւորուեցաւ Թեմէն ներս ծառայող միաբան հայրերուն եւ հոգեւորականաց դասուն կողմէ, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան եւ Առաջնորդարանի անձնակազմի անդամներ:

 

«Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ, Վեհափառ Հայրապետը թափօրով առաջնորդուեցաւ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։ Այնուհետեւ, Նորին Սրբութիւնը Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հոգեւորականաց դասուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Ցեղասպանութեան Ս. նահատակներու 100-ամեակի յուշակոթողին մօտ, ուր սրբոց նահատակաց բարեխօսութեան աղօթքը արտասանեց Վեհափառ Հայրապետը եւ ապա, առաջին օրհնութիւնը տուաւ մեր Թեմին: Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց ողջոյնի խօսք, բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհաւորեց Նորին Ս. Օծութիւնը՝ գահակալութեան 20-ամեակին առիթով։

 

Ն. Ս. Օծութիւնը Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ մտերմիկ հանդիպումներ ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հոգեւորականաց դասուն, Ազգային Վարչութեան անդամներուն եւ Առաջնորդարանի անձնակազմին հետ եւ տուաւ իր պատգամն ու օրհնութիւնները։

More News