22 July, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԷՋ

Ուրբաթ 22 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Տեղեկատուական բաժանմունքներու վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի եւ Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, այցելութիւն տուաւ Կաթողիկոսարանի հովանիին տակ գործող «Թռչնոց Բոյն» հաստատութիւնը, ուր դիմաւորուեցաւ պատասխանատուներուն կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ տնօրէնութեան հետ եւ մօտէն տեղեակ դարձաւ հաստատութեան գործունէութեան եւ ապագայի ծրագիրներուն։
 
 
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ այցելեց «Թռչնոց Բոյն»ի շրջափակէն ներս գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանը։ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը կը զուգադիպէր Թանգարանի պաշտօնական բացման առաջին ամեակին։ Ան մեծ գոհունակութեամբ լսեց պատասխանատուներուն ներկայացուցած առաջին տարուան ամփոփ զեկոյցը եւ գնահատեց տարուող աշխատանքը։
 
 
Այցելութեան աւարտին Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Հեռատեսիլին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է գտնուիլ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին այս երկու կարեւոր կառոյցներէն ներս։ «Թռչնոց Բոյն»ի անցեալը ծանօթ է մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն։ Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հազարաւոր որբեր անցած են «Թռչնոց Բոյն»էն, այդտեղ դաստիարակուած ու կազմաւորուած են եւ իրենց սրտին ու մտքին մէջ կենդանի կը պահեն «Թռչնոց Բոյն»ը իր անմոռանալի յիշատակներով, մանաւանդ մեր պատմութեան ճակատագրական ժամանակահատուածին հաստատութեան կատարած նուիրական առաքելութեամբ», շարունակելով իր խօսքը Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Այսօր եւս կարեւոր առաքելութեան կոչուած է «Թռչնոց Բոյն»ը։ Այս նուիրական հաստատութիւնը կը պատսպարէ ամէնէն աւելի խնամքի կարիքը ունեցող մեր ժողովուրդի զաւակները՝ որբեր եւ կարիքաւոր ու ծնողազուրկ երեխաներ։ Հետեւաբար, մեր ժողովուրդի զաւակները ի Սփիւռս աշխարհի պէտք է շարունակեն նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ այս հաստատութեան»։
 
 
Ապա, անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանին ըսաւ. «Ահաւասիկ նուիրական այլ կառոյց մը։ Ուրախութեամբ ու արդար հպարտութեամբ կ’ուզենք հաստատել, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ամէնէն կարեւոր իրագործումներէն մէկը դարձաւ այս Թանգարանի հիմնադրութիւնը, շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարերարներէն Տէր եւ Տիկ. Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու իշխանական բարերարութեան։ Այս թանգարանը սովորական թանգարան մը չէ, ան վկայարան մըն է, նաեւ յուշարար Հայոց Ցեղասպանութեան, թէ՛ մեր նոր սերունդներուն եւ թէ՛ օտարներուն։ Ուրախ ենք իմանալով, որ Թանգարանը, մէկ տարուան ընթացքին, շուրջ 7000 հայ եւ օտար այցելուներ ունեցած է ։ Այս կարեւոր կառոյցը թէ՛ բարերարին եւ թէ՛ մեր Սուրբ Աթոռին անմիջական հոգածութեան առարկան է եւ պիտի շարունակենք նորանոր ծրագիրներ մշակել Թանգարանի զարգացման ի խնդիր»։

More News