31 May, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԼՈՊԸԼ ՔՐԻՍՉԸՆ ՖՈՐՈՒՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

 
 
Շաբաթ, 28 Մայիս 2016-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին Վանքի իր գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումը (Global Christian Forum) ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Լարի Միլլըր, նախկին Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հիւպըրթ Վան Պիք եւ Դոկտ. Հայր Կապրիէլ Հաշէմ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի Վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:
 
Պատուիրակութիւնը այցելած էր Վեհափառ Հայրապետին նախ շնորհակալութիւն յայտնելու Ֆորումի աշխատանքներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ցուցաբերած գործօն մասնակցութեան համար եւ տեղեակ պահելու ու ունենալու անոր տեսակէտները Ֆորումի յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ:
 
Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումի ընթացքին ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկուեցաւ միջ-եկեղեցական շարժումի ներկայ իրավիճակն ու անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետը միջ-եկեղեցական երկար տարիներու եւ լայն փորձառութեան լոյսին տակ իր թելադրութիւնները կատարեց Ֆորումի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ գնահատեց Ֆորումի աշխատանքներուն եւ մշակած ծրագիրներուն լրջութիւնը։ Ան նաեւ քաջալերեց, որ միջ-կրօնական համագումարներ եւս տեղ գտնեն իրենց ծրագիրներուն մէջ։
 
 

More News