8 Մայիսի, 2016

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

 

Շաբաթ, 7 Մայիս 2016-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդին, իր պատուիրակութեան անդամներուն եւ գաղութի պատասխանատուներուն այցելեց Ա.Մ. Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպանատուն, ուր ընդունուեցաւ Դեսպան Հասան Սաատի եւ դիւանագիտական պատասխանատուներուն կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետին եւ Դեսպանին զրոյցին գլխաւոր նիւթը դարձաւ ընդհանրապէս Լիբանանը յուզող հիմնական հարցերը եւ յատկապէս Ա.Մ.Է. մէջ հաստատուած Լիբանանի համայնքին հետ աղերս ունեցող խնդիրներ։ Ապա, Դեսպանը պաշտօնական ճաշով պատուեց Նորին Սրբութիւնը։

 

Իսկ Կիրակի, 8 Մայիս 2016-ի կէսօրին, Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբին հետ այցելեց Ա.Մ.Է. մօտ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Դեսպան Գեղամ Ղարիպճանեանի հետ։ Այս առիթով Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց Դեսպանին, թէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր աշխարհասփիւռ թեմերով, միշտ զօրակցած է Հայաստանին ու Արցախին եւ նո՛յն ոգիով պիտի շարունակէ զանազան բնագաւառներէ ներս իր բերած օժանդակութիւնները։ Ապա, Դեսպանը պաշտօնական ճաշ մը տուաւ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, որուն մասնակցեցան նաեւ համայնքի ազգային պատասխանատուները։ Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը այս առիթով դեսպաններուն նուիրեց Կաթողիկոսարանին կողմէ վերջերս հրատարակուած նոր քաթալոկէն։

More News