14 June, 2013

ՙԱնթիլիասի հզօրութիւնը իր ծառայութեան մէջն է՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի գումարման ծիրէն ներս, Հինգշաբթի 13 Յունիս 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբը, Պիքֆայայի Դպրեվանքի շրջաբակին մէջ ելոյթ ունեցաւ, ղեկավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի եւ դաշնակահար՝ Օրդ. Տաթեւիկ Արթինեանի ընկերակցութեամբ: Համերգը նուիրուած էր Հայ Մօր, մեկնելով Նորին Սրբութեան 2013 տարին Հայ մօր նուիրած ըլլալու իրողութենէն։ Միաժամանակ նաեւ Դպրեվանքի 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսն ու վկայականաց բաշխումն ալ կատարուեցաւ։ Համերգին ու Ամավերջի Հանդէսին ներկայ գտնուեցան միաբան հայրեր, Ազգային Ընդհ. Ժողովի պատգամաւորներ եւ մշակութասէր բազմութիւն մը:

 

Համերգը սկսաւ Մակար Եկմալեանի «Հայր Մեր»-ով, որուն անմիջապէս յաջորդեց Դպրեվանքի Քայլերգի երգեցողութիւնը։ Ապա հերթաբար ներկաներուն հրամցուեցան մէկ փունջ մայրերու նուիրուած երգեր, որոնք կատարուեցան «Շնորհալի» երգչախումբի անդամենրուն կողմէ հաւաքաբար եւ մեներգաբար։

 

Համերգի ընթացքին հանդէս եկան նաեւ, ջութակով՝ Ճենտէրէճեան Եղբայրները, ասմունքով՝ Տիկին Իրմա Գապաքեան-Տէտէյեանը եւ կիթառով՝ Մկրտիչ Միքայէլեանը։ Համերգի ընթացքին, Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, իր սիրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ իր շնորհաւորանքը յայտնեց Դպրեվանքի աւարտական դասարանի չորս սարկաւագներուն։

 

Աւարտական սարկաւագներու անունով ուղերձ ընթերցեց՝ Բրշ. Սեբաստիա Սրկ. Ղարախանեանը, որ անդրադառնալէ ետք անցնող ութ տարիներուն ընթացքին Դպրեվանքէն ետք իրենց ստացած հոգե-մտաւոր կրթութեան ու ուսումին, իր որդիական երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն յայիտնեց Նորին Սրբութեան իր տածած յատուկ հոգածութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Դպրեվանքի Տեսչութեան եւ Ուսուցչական կազմին։

 

Համերգի աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսք առնելով, խօսեցաւ համերգի բնոյթի մասին, ու անդրադառնալով Հայ մօր ըսաւ. «Մարդկային կեանքին մէջ տարբեր է մանաւա՛նդ Հայ մայրը, իր ինքնութեամբ, իր վարքագիծով եւ կոչումով։ Մենք կը սպասենք ու կը պահանջենք, որ միշտ ա՛յսպէս ըլլայ ու մնայ Հայ մայրը, իր ինքնութեամբ, վարքագիծով ու իր կեանքի տիպարով։ Հայ մայրը իր կոչումին բարձր գիտակցութեամբ, մեր պատմութեան ամէնէն կարեւոր ու դժուար հանգրուաններուն ինքզինք եղաւ ու դարձաւ Հայ ժողովուրդին փրկութեան նաւը մեր պատմութեան ամէնէն վճռակամ պահերուն»։ Անդրադառնալով 2013 տարին Հայ Մօր տարի հռչակելու իրողութեան, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «2013-ը Հայ Մօր Տարի հռչակեցինք, յիշեցնելու համար Հայ մօր, որ սրբազա՛ն է, նուիրակա՛ն է, վե՛հ է Հայ մօր դերակատրութիւնը մեր կեանքէն ներս։ Եւ առ այդ, Հայ մայրը պէտք է վերահաստատէ, վերարժեւորէ իր առաքելութիւնը Հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս»։

 

Ապա, Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց երգչախումբի ղեկավարը՝ Հայր Թորգոմը եւ երգչախումբին անդամները, դաշնակարուհին, համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերողները, շեշտելով Հայ երգի հարազատ դիմագիծը անաղարտ պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Իր խօսքին երկրորդ բաժինով Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Դպրեվանքի կարեւորութեան մասին, մեր սփիւռքեան կեանքէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Դպրեվանքը մեր Կաթողիկոսութեան սիրտն է, ըսած են մեր Հայրապետները։ Սո՛սկ խօսք կամ արտայայտութիւն չէ այս բնորոշումը, այլ՝ իրողութիւն։ Դպրեվանքը առաքելութիւն է՝ մարդակերտումի առաքելութիւն։ Մարդը արժէք չէ երբ նպատակ է, մարդը արժէք կը դառնայ երբ ինքզինք կը նուիրագործէ իրմէ բարձր ու վեհ արժէքներու ի խնդիր»։ Իր խօսքը աւարատող սարկաւագներուն ուղղելով, Վեհափառը ըսաւ. «Սիրելի տղաք, դուք միայն ուսում չստացաք Դպրեվանքէն, այլեւ՝ ոգի ու տեսիլք։ Այդ ոգին ու տեսիլքը պիտի տանիք ժողովուրդին»։

 

Եզրափակելով իր պատգամը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, խօսեցաւ մեր եկեղեցւոյ ու ի մասնաւորի Անթիլիասի առաքելութեան մասին, ու ըսաւ. «Մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ ծառայութի՛ւն է։ Մեր հոգեւորականներուն արժէքը ո՛չ իրենց ունեցած վկայականներուն մէջ է եւ ոչ ալ իրենց ունեցած արժանիքներուն, այլ՝ մեր հոգեւորականներուն արժէքը կը կայանայ իրենց ամբողջական նուիրուածութեամբ կատարած ծառայութեան մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար էականը ծառայութիւնն է։ Անթիլիասի մեծութիւնը իր ծառայութեան մէջ է։ Անթիլիասի հզօրութիւնը իր ծառայութեան մէջ է»։

 

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ»-ով։

More News