19 Փետրվարի, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

         Հինգշաբթի, 18 Փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեանը։ Շուրջ վեց տարուան դիւանագիտական ծառայութեան աւարտին Դեսպան Քոչարեան կը վերադառնայ Հայաստան։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Դեսպան Քոչարեանին անոր կատարած ծառայութեան համար։
 
          Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններուն կենսական կարեւորութիւնը միջազգային համայնքէն ներս անոր դերակատարութեան առաւել հզօրացման համար։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի յարաբերութիւնը ընդհանրապէս արաբական աշխարհին ու յատկապէս Լիբանանի հետ հետզհետէ աւելի զարգանայ։

More News