29 January, 2016

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2016-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի գծով տեղի ունեցած խորհրդակցութեան որպէս շարունակութիւն, Ուրբաթ, 29 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումը, մասնակցութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Հալէպի Թեմի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Գերապայծառ Պետրոս Արք. Միրիաթեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վերպ. Յարութիւն Սելիմեանի։
 
Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով տեղեակ պահեց հոգեւոր առաջնորդները օր մը առաջ տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպման քննարկումներուն մասին։ Ան ողջունեց սուրիական տագնապի տարիներուն Սուրիոյ հայութեան ցուցաբերած միասնական ոգին եւ միասին խորհրդակցելու ու աշխատելու յանձնառութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան իրենց նիւթական աջակցութիւնը կատարած բոլոր կազմակերպութիւններուն ու հայորդիներուն։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնումի առաջնորդող նոր ծրագիրներու մշակման անհրաժեշտութիւնը։
 
Հոգեւոր առաջնորդները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ անցնող տարիներու ընթացքին միշտ զօրակից դարձած է Սուրիոյ հայութեան՝ բոլոր շրջաններէն ներս, միաժամանակ շնորհակալութիւնը յայտնեցին օժանդակ հանդիսացած բոլոր հայորդիներուն։ Ապա, անոնք իրենց տեսակէտները պարզեցին վերականգնումի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն գծով։
 
Վերջապէս, հոգեւոր առաջնորդները ճաշի հիւրը եղան Վեհափառ Հայրապետին։
 

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Սուրիոյ հայ հոգեւոր համայնքապետերը, 29 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունենալէ ետք, հրապարակեցին հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։

 

 

Այսoր, 29 Յունուար 2016, Սուրիոյ հայ երեք համայնքներու հոգեւոր պետերս, Անթիլիասի Մայրավանքին մԷջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի, մասնաւորաբար Սուրիոյ մԷջ տիրող իրավիճակը եւ ներկայացուեցաւ սուրիահայութեան տագնապը, որ դժբախտաբար կը շարունակուի նոյն տարողութեամբ։ Քննարկման առարկայ եղաւ վերջին հինգ տարիներուն տարուած միասնական աշխատանքը՝ մեր ժողովուրդին մարդասիրական oժանդակութիւն եւ հոգեւոր ու ազգային իմաստով նեցուկ կանգնիլը:

 

Սուրիոյ հայ երեք համայնքապետերս Վեհափառ Հայրապետին յայտնեցինք մեր երախտագիտութիւնը՝ իր հայրական ցուցմունքներուն, մասնաւորաբար Սուրիահայ Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնին ճամբով համահայկական oժանդակութիւններ ապահովելու եւ Անթիլիասի մէջ հաստատուած յատուկ հիմնադրամի ճամբով անցնող տարիներուն մեզի փոխանցուած նիւթական օժանդակութեանց համար: Այս առիթով, մեր գնահատանքը կը յայտնենք Հայաստանի պետութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Սփիւռքի բոլոր հոգեւոր կեդրոններուն, ազգային թէ համայնքային կառոյցներուն եւ անհատներուն, որոնք տագնապի ամբողջ տեւողութեան նիւթաբարոյական զօրակցութիւն ցուցաբերեցին մեր ժողովուրդին:

 

Այս հանդիպումին վերահաստատեցինք մեր միասնակամ համայնք ըլլալու իրողութիւնը, որովհետեւ միասնաբար գործեցինք՝ մեր հետ ունենալով համայնքային բոլոր կառոյցները եւ պիտի շարունակենք նո՛յն ոգիով մեր կարելին ի գործ դնել՝ յoգուտ մեր համայնքի տագնապահար զաւակներուն:

 

Արդ, Վեհափառ Հայրապետին ցուցմունքներով, եւ միասնաբար վերականգնումի յոյսով, մեր հաւաքական ճիգը պիտի ըլլայ նոյն ոգիով ու վճռակամութեամբ ծառայել սուրիահայ մեր ժողովուրդին:

 

Կո՛չ կ’ուղղենք սուրիահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէս լիիրաւ սուրիացի քաղաքացիներ, հաւատարիմ մնալու ասպնջական Սուրիոյ, աննկուն կամքով շարունակելու մեր հաւաքական երթը, մաղթելով որ խաղաղութիւնը շուտով վերահաստատուի, իսկ մեր ժողովուրդը վերադառնայ եւ վերականգնէ իր հոգեւոր ու ազգային ժառանգութիւնը:

 

ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԱՅՈՑ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻՆ

 

ՊԵՏՐՈՍ ԱՐՔ. ՄԻՐԻԱԹԵԱՆ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

 

ՎԵՐՊ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԵԼԻՄԵԱՆ

ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

More News