7 Հունվարի, 2016

ՀԶՊԱԼԼԱ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հինգշաբթի, 7 Յունուար 2016-ի կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Լիբանանեան Հզպալլա Կուսակցութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Կուսակցութեան քաղաքական դիւանի ատենապետը, որուն կ’ընկերանային Լիբանանեան Խորհրդարանին մէջ Հզպալլան ներկայացնող երեսփոխաններ եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Պատուիրակութիւնը Հզպալլա Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլայի անունով շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնն ու հայ համայնքը Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով:
 
 
Այցելութեան ընթացքին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ վերջին օրերուն յառաջացած լարուածութեան եւ անոր ստեղծած ժխտական ազդեցութեան շրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան ու յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարին: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Լիբանանը Միջին Արեւելքի տագնապներէն հեռու պահելու եւ նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

 

More News