5 Հունվարի, 2016

ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԷՆ ՆԱՄԱԿ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երեքշաբթի, 5 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Պապական Նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա Եպիսկոպոսը եւ յանձնեց Հայոց Ծննդեան տօնին առիթով Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւններ յայտնող Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին նամակը: Պապական Նուիրակը նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին փոխանցեց Վատիկանի գլխաւոր պատասխանատուներուն շնորհաւորութիւնները: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութան 100-ամեակին առիթով ընդհանրապէս Վատիկանի ու յատկապէս Ֆրանսիս Պապին հայ ժողովուրդին արդար դատին նկատմամբ ցուցաբերած ամբողջական զօրակցութեան համար:
 
Ապա խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի նոր զարգացումներուն եւ այդ ծիրէն ներս Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յառաջացած լարուածութեան: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ որ ամէն գնով առաջքը առնուի այս լարուածութեան առաւել բարդացման, որուն հետեւանքները կրնան ըլլալ ժխտական ամբողջ Միջին Արեւելքէն ներս: Նաեւ քննարկուեցաւ Լիբանանի ներքին կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան հարցը: Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց Պապական Նուիրակին, որ Վատիկանի անունով քաղաքական կողմներուն հետ հանդիպումներ ունենայ, թելադրելով որ հեռու պահեն Լիբանանը շրջանային հարցերէն եւ առաջնահերթութիւն ընծայեն նախագահական ընտրութեան:

More News