25 Դեկտեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընկերային ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւններուն կատարած այցելութիւններու ծիրէն ներս, այցելեց նաեւ Կաթողիկոսարանի հաստատութիւններէն՝ Ազունիէի Ազգային Բուժարանը: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերակցէին Միաբան Հայրեր:

 

Նորին Սրբութիւնը հիւանդանոցի մուտքին դիմաւորուեցաւ Բուժարանի տնօրէնին եւ պատասխանատու բժիշկներուն կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը նախ հանդիպում ունեցաւ անոնց հետ, իրազեկ դարձաւ Բուժարանի վերջին զարգացումներուն ու ծրագիրներուն, եւ մեծապէս գնահատեց Բուժարանէն ներս մեր ժողովուրդի երէց սերունդի զաւակներուն մատուցուած նուիրեալ ծառայութիւնը:

 

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ եղաւ Բուժարանէն ներս պատսպարուած հիւանդներուն եւ ծերունիներուն հետ ու նուէրներ բաշխելով օրհնեց զիրենք: Միաբան Հայրերը Ս. Ծննդեան շարականներով եւ այլ հոգեւոր ու ազգային երգերով ուրախացուցին մամիկներն ու պապիկները: Նորին Սրբութիւնը նաեւ այցելեց ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդներուն սենեակները եւ աղօթեց անոնց առողջութեան համար: Իսկ Միաբան Հայրերը հիւանդներուն եւ պատսպարեալ ծերունիներուն Սուրբ Հաղորդութիւն մատակարարեցին:

More News