8 Դեկտեմբերի, 2015

ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԸ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ԿԱԼՈՒԱԾԻ

 
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, ընդունեց այցելութիւնը Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի Առաջնորդ Գերապատիւ Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին թեմի Ազգ. Վարչութեան եւ Երեսփոխանական Ժողովի ներկայացուցիչները։
 
Պատուիրակութիւնը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը, որ շնորհիւ իրենց յարատեւ աշխատանքին, թեմը գնած է լայն կարելիութիւններ ունեցող շէնք մը, ուր պիտի հաստատուին եկեղեցին ու Ազգ. Առաջնորդարանը։ Յայտնենք, որ երկար տարիներէ ի վեր եկեղեցին ու Ազգ. Առաջնորդարանը կը գործէին այլ շէնքի մը մէջ, որուն սեփականատէրը օրինական միջոցներով պարտադրած էր որ կալուածը վերադարձուի։ Այս կացութեան դիմաց Ազգ. Իշխանութիւնը ստիպողաբար եկեղեցւոյ ու Ազգ. Առաջնորդարանի յարմարութիւն ունեցող այլ կառոյց մը գտաւ։ Այս պարագային, սակայն, թեմը սեփականատէրը կը դառնայ նոր կալուածին, որ գնուած է 735,000 Քուէյթեան տինարի (2,4 միլիոն տոլար)։ Անոր ներքին դասաւորման ու կահաւորման կը նախատեսուի 150,000 Քուէյթեան տինար (կէս միլիոն տոլար)։ Թեմը պարտաւոր 21 Փետրուար 2016 վերջը իր նիւթական պարտաւորութիւնը կատարել կալուածատիրոջ նկատմամբ։
 
Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը ու բարձր գնահատանքը յայտնեց թեմի Ազգ. Իշխանութեան այս կարեւոր իրագործումին համար։ Վեհափառը շեշտեց եկեղեցւոյ ու Առաջնորդարանի կալուածին սեփականատէրը դառնալու կարեւորութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ Քուէյթի եւ Շրջակայից թեմի մեր ժողովուրդի զաւակները, ինչպէս նաեւ Արաբական Ծոցի մեր ազգայինները եւ այլ շրջաններու մէջ հաստատուած նախկին Քուէյթահայերը իրենց գործօն մասնակցութիւնը պիտի բերեն յիշեալ կալուածի գնման ու կահաւորման ծախսերուն։
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 

More News